image

«Ղարաբաղի եւ Սիւնիքի հարցով սակարկութիւն եղած է՞». Հարց կու տայ Թովմաս Տը Վաալ

«Ղարաբաղի եւ Սիւնիքի հարցով սակարկութիւն եղած է՞». Հարց կու տայ Թովմաս Տը Վաալ

Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հետ կապուած իրավիճակը նոյնն է, ինչ մէկ տարի առաջ։ Այս մասին NEWS.am-ի «Ուժի գործօն» հաղորդաշարի եթերին ըսած է Քարնեկի հիմնադրամի առաջատար հետազօտող, ղարաբաղեան հակամարտութեան փորձագէտ Թոմաս Տը Վաալը։

«Հայերու կողմէ Ղարաբաղի կորուստը եւ այնտեղէն հայերու արտագաղթը հսկայական իրադարձութիւն է, բայց ես հայ-ատրպէյճանական պայմանագրի հարցով նոր բան չեմ տեսներ։

Միակ բանը Պաքուի մէջ գերեվարուած հայերու ազատ արձակման վերաբերեալ անցած շաբթուան համատեղ յայտարարութիւնն է եւ COP-29-ի մէջ Ատրպէյճանի նախագահութեան՝ հայկական կողմի հաստատումը։ Սա քիչ մը կը կայունացնէ իրավիճակը։ Ատրպէյճանը կը սիրէ հեղինակութիւն եւ յարգանք, ուստի այդ ոորշ չափով կը նուազեցնէ Պաքուի կողմէ խնդրի ուժային լուծման հնարաւորութիւնը»,- ընդգծած է ան։

Միաժամանակ, անոր գնահատմամբ, չափազանց շատ խնդիրներ կը մնան, իսկ արեւմտեան ձեւաչափը գործնականօրէն անգործութեան մատնուած է։

«Մօտ ապագային Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնագրի ստորագրման հնարաւորութիւն չեմ տեսներ։ Միաժամանակ, հայ-ատրպէյճանական նոր պատերազմի վտանգը միշտ առկայ է՝ հակառակ միջազգային ճնշումներուն։ Այս որոշումն իրականութեան մէջ կախուած է մէկ անձէ՝ Ալիեւէն»,-աւելցուցած է փորձագէտը։

Ամենահրատապ խնդիրը Թոմաս տը Վաալն անուանած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը։

«Սա այն դէպքն է, երբ, կարծես թէ, բոլորին ձեռնտու է, որ  հաղորդակցութիւնները բացուին։ Բայց այժմ իրավիճակը շատ աւելի բարդ է, քան 2020 թուականին, եւ ես չեմ տեսներ անհրաժեշտ համաձայնութիւն, որով հնարաւոր կ՚ըլլար հասնիլ արդիւնքներու։

Հայաստանի հետ սահմանի բացումը, կարծես թէ, կը բխի Թուրքիոյ պետական ​​շահերէն՝ Կարսի եւ Գիւմրիի եւ այնուհետեւ Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան եւ Ատրպէյճանի հիմնական հատուած, ապա՝ Կասպից ծով երկաթուղային կապը կը բխի Թուրքիոյ պետական ​​շահերէն, սակայն, ըստ ամենայնի, կան նաեւ Էրտողանի անձնական շահերը։

Կարեւոր հարց է նաեւ, թէ ով պիտի պաշտպանէ Գիւմրիով եւ Սիւնիքով անցնող երկաթուղիի անվտանգութիւնը։ 

Մենք կը տեսնենք «մութ պատմութիւն» մը, որ, կարծես թէ հայկական կողմն այլեւս չուզեր ռուսական ներկայութիւնը, իսկ Ատրպէյճանը, ընդհակառակը, կը պնդէ ռուսական ուժայիններու ներկայութիւնը։

Հարցին, թէ արդեօք Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ սակարկութիւն եղա՞ծ է այն մասին, որ Ռուսիան կորսնցնէ իր ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ՝ Սիւնիքի մէջ նոր ներկայութեան դիմաց, Վաալ ըսած է՝ «Կը կարծեմ, որ դեռ հնարաւոր է արդիւնքի հասնիլ, բայց անհրաժեշտ է համապատասխան շրջագիծ՝ Մոսկուա-Իրան-Թուրքիա-Արեւմուտք-Հայաստան-Ատրպէյճան։ Սակայն, ես այստեղ ալ առաջընթաց չեմ տեսներ, եւ առանց առաջընթացի, նոր պատերազմի տարբերակը կը սրի։

Միեւնոյն ժամանակ, ես անձամբ չեմ կարծեր, որ Ատրպէյճանը կ՚երթայ ամբողջ Սիւնիքը գրաւելուն»,- նշած է քաղաքագէտը։

Անոր կարծիքով՝ խօսքը Մոսկուայի եւ Անգարայի աջակցութեամբ սպառնալիքի մասին է՝ Երեւանի վրայ ճնշում գործադրելու տեսքով, որ այն համաձայնի առաջարկուող տարբերակին։