Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան Տէնվըր քաղաք այցելութեան ընթացքին նշանակած է Արժ. Տ. Սերոբ քահանայ Ազարեան, որպէս հոգեւոր հովիւ այդ համայնքին:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-
Կիրակի, Մայիս 21, 2023-ին ԱՄՆ Արեւմտեան թեմիս բարեխնամ առաջնորդ, Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանը այցելեց Տէնվըր քաղաք, Քոլորատօ նահանգ եւ անցնող մէկ ու կէս տարիներու այցելութիւններու լոյսի տակ, նշանակեց Արժ. Տ. Սերոբ քահանայ Ազարեանը որպէս հոգեւոր հովիւ, այդ համայնքի:
Այդ առիթով Սրբազան հայրը պատարագեց եւ քարոզեց, քաջալերեց բոլոր երիտասարդները համախմբուելու հոգեւոր հովիւին եւ եկեղեցւոյ շուրջ: Գօտեպնդեց, որ շուտով գալիք տարիներուն Տէնվըրի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նաեւ կ'ունենայ իր ուրոյն եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շէնքերը եւ այդ բոլորը օժանդակ կը դառնան հոգեւորապէս բարգաւաճելու ի շինութիւն եկեղեցւոյ, ազգիս եւ ի փառս Աստուծոյ։
Այդ առիթով նաեւ Սրբազան հայրը որպէս շնորհակալութիւն Տէր հօրը նուիրեց ձեռագործ ոսկեջուր գեղեցիկ մի խաչ: Սրբազանը օրհնեց ներկայ բոլոր մանուկները, եւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ աղօթեց եւ կարդաց հաւատարմութեան, նուիրումի աղօթքն ու խոստումը, որ կրկնեցին բոլոր ներկայ հաւատացեալները: Սրբազանը բոլորին նուիրեց մեծերու ու մանուկներու աղօթագիրքեր։
Շնորհակալութիւն Սրբազան հօր, Եզրաս սարկաւագին, ծառայող պատանիներուն, երգեհոնահար Տիկ. Հայկուհի Տօնիկեանին, Հրանդ Միրիմանեանին, Բիւզանդ Երեմեանին, եւ բոլոր հաւատացեալներուն:
Աղօթեցէք մեզի եւ նաեւ ինծի համար, որ ուսերուս դրուած քաղցր լուծը տանիմ եւ ծառայութիւնս բերեմ ժողովուրդին կեանքիս բոլոր օրերուն: Ամէն։
Աստուծոյ օրհնութիւնները բոլորիս հետ ըլլան:
