image

Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան ընդունած է «Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան Հալէպի պատասխանատուն

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երեքշաբթի, 23 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը «Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան Հալէպի պատասխանատու տիար Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Ժագ Գազէզեան եւ Նպաստից մարմինի ներկայացուցիչ տիար Փիեռ Մուսալլի։

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ «ACN»-ի համագործակցութեան եւ Թեմէն ներս յառաջիկային կատարուելիք բարեգործական եւ շինարարական աշխատանքներուն «ACN»-ի ներդրումին մասին։ Տիար Ժոզէֆը անդրադարձաւ նաեւ բարեսիրական հաստատութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, արծաթեայ ձեռակերտ խաչ մը նուիրեց տիար Ժոզէֆին, առ ի շնորհակալութիւն, գնահատանք եւ երախտագիտութիւն հաստատութեան բարեսիրական եւ մարդասիրական ծառայութիւններուն։