image

Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան կը շարականէ՝ Շնորհալիի ՝ «Ամէն, Հայր Սուրբ»ը

 Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան կը շարականէ՝ Շնորհալիի ՝ «Ամէն, Հայր Սուրբ»ը

 Օրերս Հայաստան կատարած իր հերթական այցի շրջանակներուն մէջ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան անմիջական շրջանակի մը մէջ շարականած է մեր եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերէն՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի գրչին պատկանող յայտնի շարական՝ «Ամէն, Հայր Սուրբ»ը։

 Աղօթասացութեան, խնկարկումի եւ ամենակալ Տէրոջ ապաւինելու ճանապարհ բացող այս շարականը Սրբազան Հայրը կը կատարէ ամէնայն ոգեղէնութեամբ, անկեղծ ու նուիրական ոճով, աղօթելով մեր տանջահար եղած ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար եւ անունով։

Նշենք նաեւ Սրբազան Հօր աղօթքին կը միանայ այս օրերուն Պէյրութէն Երեւան գտնուող երիտասրդուհի զարմիկը, որուն կատարումն ալ աւելիով կը զօդէ սերունդներուն միջեւ առկայ կապն ու աղօթքի ուժը։

 

 Լսենք շարականը եւ երկար տարիներու  առաքելական հովւութիւն մաղթենք սիրելի սրբազանին։