image

Գերմանիոյ մէջ. Համայնքային գործիչ Սարգիս Տէմիրճեանի կորուստը

 Գերմանիոյ մէջ. Համայնքային գործիչ Սարգիս Տէմիրճեանի կորուստը

Օրերս Գերմանիոյ Տուիսպուրկ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային գործիչ՝ Սարգիս Տէմիրճեան։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ գերմանահայ ազգային գործիչ՝ Տօքթ. Րաֆֆի Պետիկեանէն, որ խմբագրութեանս յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝ 

3 Յունիսին 2023, Տուիսպուրկի Հայութիւնը կորսնցուց իր սիրուած եւ յարգուած անդամներէն Սարգիս Տէմիրճեանը, 88 տարեկան հասակին։

Սարգիս Տեմիրճեան ծնած է 15 Փետրուար 1935ին ՝ Պոլիս։

Հաճախած է Եսայեան վարժարանը։

1960ին տեղափոխուած Գերմանիայ։ 1970-ին Ամուսնացած Իրմային հետ, միասնաբար ունէին երկու զաւակներ՝ Արամ եւ Սոնիայ եւ երկու թոռնիկներ՝ Յակոբ եւ Շանթ։

Շատ ընթերցասէր, ազգասէր, հայրենասէր,, հիւրասէր եւ ընկերասէր անձ մըն էր։

Եղած է Տուիսպուրկի Մշակութային միութեան եւ Գերմանահայոց կեդրոնական Խորհուրդի վարչութեան անդամ։

Մեր բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն մը։

Մեր ցաւակցութիւնները տիկին Իրմային , իր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն եւ իր բոլոր հարազատներուն եւ ընկերներուն։

Քեզ շատ սիրող եւ յարգող՝Րաֆֆի Պետիկեան