image

Գերմանիան Իսրայէլի գործողութիւնները ցեղասպանութիւն չի համարեր․ Մերց

Գերմանիան Իսրայէլի գործողութիւնները ցեղասպանութիւն չի համարեր․ Մերց

Գերմանիոյ կառավարութիւնը համաձայն չէ այն գնահատականի հետ, թէ Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ ցեղասպանութիւն են:

Այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը Մատրիտի մէջ Սպանիոյ վարչապետ Փետրո Սանչեսի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

«Մենք համաձայն չենք այս գործողութիւնները ցեղասպանութիւն որակելու հարցով: Մենք կը կիսենք այն գնահատականը, որ սա (իսրայէլեան գործողութիւնները) անհամաչափ է», - աւելացուցած է ան։

Մերցի խօսքով՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը այս կերպ «չի հասնիր իր նպատակներուն», այն է՝ «Համաս»-ի ոչնչացումը։

«Մենք Իսրայէլի կողմէն ենք, բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք կ՚աջակցինք Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ կայացուող իւրաքանչիւր որոշման»,-ընդգծած է վարչապետը։

Մերցը նաեւ կրկնած է, որ «Գերմանիոյ կառավարութեան համար Պաղեստինի պետականութեան ճանաչումը ներկայիս քննարկման թեմայ չէ»։

«Մենք կը շարունակենք նման ճանաչումը համարել վերջին, այլ ոչ թէ առաջին քայլը դէպի երկու պետութիւններու լուծում», -ըսած է ան։

Վարչապետը խոստովանած է, որ Պեռլինի դիրքորոշումը մասամբ կապուած է Գերմանիոյ պատմութեան հետ։

«Մէկ բան նոյնպէս պարզ է. Իսրայէլի կառավարութեան քննադատութիւնը պէտք է հնարաւոր ըլլայ, բայց մենք երբեք պէտք չէ թոյլ տանք, որ այն օգտագործուի հրեաներու նկատմամբ ատելութիւն հրահրելու համար», – յայտարարած է ան։