Սուրիոյ հայաբնակ Գամիշլի քաղաքը թիրախ դարձած է ահաբեկչութեան։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Զալին նյուզ» դիմատետրի էջը, նշելով որ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է Ուղղափառ Ասորիներու պատկանող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ։
Պայթումին հետեւանքով քաղաքը յայտնուած է լարուած վիճակի մը մէջ, ինչպէս նաեւ 12 անձեր վիրաւորուած ու փոխադրուած են հիւանդանոց։
«Արեւելք»ի Գամիշլիի աղբիւրներուն համաձայն պայթումին հետեւանքով հայեր չեն վիրաւորուած եւ նկատաելի է, որ պայթումը եղած է քաղաքի հայաբնակ թաղամասերուն մօտակայքը։