Ֆրանսայի ազգային ժողովը 9 մայիսին կողմ քուէարկած է ռուսական «Վակնէր» մասնաւոր ռազմական ընկերութիւնն ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու մասին օրինագիծին: Նախագիծին կողմ քուէարկած են խորհրդարանի մէջ ներկայ բոլոր 331 պատգամաւորները: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Politico պարբերականը:
Բանաձեւով նաեւ Եւրոպական Միութեան կոչ եղած է «Վակնէր»-ը դասել ԵՄ-ի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ:
ԵՄ արդէն շարք մը պատժամիջոցներ սահմանած է «Վակնէր»-ի դէմ: 2022-ի ապրիլին ԵՄ մասնաւոր ռազմական ընկերութեան ղեկավար Եվկենի Փրիկոժինը ներառած է պատժամիջոցներու ենթարկուած անձերու ցուցակին մէջ՝ կապուած Ուքրանիոյ պատերազմի հետ, իսկ այս տարուան ապրիլին «Վակնէր» աւելցուած է պատժամիջոցներու ենթարկուած խումբերու ցուցակին՝ «կապուած Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին աշխոյժ մասնակցութեան հետ»:
«Վակնէր» ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ ներառելը կը նշանակէ, որ ընկերութեան հետ կապ ունեցող ցանկացած անձ կրնայ հետապնդման ենթարկուիլ ահաբեկչութեան մեղադրանքներով:
Մեծ Բրիտանիան նոյնպէս «Վակնէր» մասնաւոր ռազմական ընկերութիւնը պաշտօնապէս պիտի ներառէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ: Ըստ Times պարբերականին՝ անոր նպատակն է աւելցնել Ռուսիոյ վրայ ճնշումը: Ըստ Բրիտանիոյ խորհրդարանի լրատուամիջոցի աղբիւրին՝ այս որոշումն ընդունուած է նման քայլի իրաւական հիմնաւորման վրայ երկու ամիս աշխատելէ յետոյ. կազմակերպութիւնը այդ ցանկին մէջ ներառելն «անխուսափելի է» եւ կրնայ տեղի ունենալ առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:
Times-ը նշած է, որ «Վակնէր»-ին անդամակցութիւնը, անոր ժողովներուն մասնակցութիւնը, ընկերութեան խորհրդանիշները կրելը եւ ցանկացած աջակցութիւն Բրիտանիոյ մէջ կը համարուի քրէական յանցագործութիւն: «Վակնէր» նաեւ ֆինանսական պատժամիջոցներու կ'ենթարկուի, եւ ընկերութիւնը չի կրնար գումար ստանալ բրիտանական դրամատուներու միջոցով: