image

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ երեք քաղաքացիներու մասնակցութեամբ վրաերթ տեղի ունեցած է. կայ զոհ

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ երեք քաղաքացիներու մասնակցութեամբ վրաերթ տեղի ունեցած է. կայ զոհ

Ֆրանսայի հարաւը մահուան ելքով վթար տեղի ունեցած է Հայաստանի երեք քաղաքացիներու մասնակցութեամբ, յայտնած է BFM TV-ն։

30-ամեայ կինը մահացած է այն բանէ ետք, երբ մեքենան բախած է արգելապատնէշին, որու մօտ ան կանգնած եղած է։ 

Մահուան ելքով վթարը տեղի ունեցած է ժամը 05:45-ին, երբ արագընթաց մեքենան բախած է Թուլուզէն հարաւ գտնուող Փամիերսի մէջ՝ երթեւեկութիւնը դադրեցնելու համար դրուած ծղոտէ ցօղուններուն:

Նշուած է, որ վթարի ենթարկուածի ամուսինն ու դեռահաս դուստրը ծանր վնասուածքներ ստացած են։ Մեքենային մէջ գտնուող երեք անձինք՝ բոլորը Հայաստանի քաղաքացիներ, հարցաքննուած են չկանխամտածուած սպանութեան կասկածանքով։

Տեղի դատախազ Օլիվյէ Միուսէն ըսած է, որ հետաքննութեան առաջին արդիւնքները ցոյց տուած են, որ մեքենան, որուն մէջ եղած են երեք հայերը, դիտաւորեալ չէ բախած արգելապատնէշին։