image

Հռոմի Պապէն սորվելիք ունի՞նք

 Հռոմի Պապէն  սորվելիք ունի՞նք

 Հռոմի Պապէն սորվելիք ունի՞նք։ Պատասխանը՝ այո ունինք։ Արդարեւ վերջերս տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը բացայայտ կերպով կարեւորեց քննդատութեան դերը, ոչ միայն եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, այլ ցանկացած հասարակութեան պարագային, որն ունի լուրջ հիմնախնդիրներ։

 

 Այս առումով է նաեւ, որ Հռոմի Պապին կողմէ հնչած գաղափարները աւելիով կ՚արժէւորուին, որովհետեւ ցանկացած հասարակութիւն կարիքն ունի քննադատութեան, բաց քննարկումի եւ դիտարկումի, պայմանաւ, որ այդ բոլորը կատարուին դրական արդիւնքներու հասնելու ոգիով եւ բծախնդրութեամբ։

 Հռոմի Պապին կողմէ հնչած վերջին դիտարկումները կարդալ՝ ստորեւ։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյց ունեցաւ Associated Press ամերիկեան լրատու գործակալութեան հետ։

Հարցազրոյցին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին մահուան մասին, զայն նկատելով իմաստուն մարդ մը եւ որուն մահէն ետք կորսնցուց հայր մը, ըսաւ Ան։

 

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկելով իր քահանայապետութեան ժամանակաշրջանի մասին, որ յառաջիկայ 13 մարտին կը բոլորէ իր 10 տարին, նշեց թէ իր ընտրութիւնը սկիզբը ընդունուեցաւ մեծ անակնկալով, ըլլայ եկեղեցիէն ներս ըլլայ եկեղեցիէն դուրս, սակայն ետքը մարդիկ քննադատել սկսան` տեսնելով իր թերութիւնները։

 

Ինչ կը վերաբերի վերջերս Քահանայապետին դէմ կատարուած քննադատութիւններուն՝ գիրքերու, փաստաթուղթերու եւ լուրերու միջոցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, թէ իրեն աւելի հաճելի պիտի ըլլար եթէ չստանար այդ քննադատութիւնները՝ «մտքի խաղաղութիւն համար։

 

Զանազանել մեղքն ու յանցագործութիւնը

Հարցազրոյցի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր անդրադարձ կատարեց միասեռականութեան նիւթին մասին, ընդգծելով որ անիկա ոճրագործութիւն մը չէ այլ մարդկային պայման է։ Նորին Սրբութիւն շեշտեց, թէ ոչ մէկը պէտք է խտրականութեան ենթարկուի, ոչ իսկ ոճրագործը, իւրաքանչիւր այր մարդ ու կին իրենց իւրայատուկ կեանքին մէջ պէտք է ունենան պատուհան մը, ուրկէ կրնան տեսնել յոյսը եւ ուրկէ կրնան տեսնել Աստուծոյ արժանապատուութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութիւններուն ու այս առնչութեամբ անդրադարձաւ Չինաստանին հետ յարաբերութիւններ նշելով որ ամէն բանի մէջ պէտք է համբերութիւն ունենալ։

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ իր առողջութեան մասին, յայտնելով, որ իր առողջապահական վիճակը լաւ է  նկատի առնելով, որ 86 տարեկան է։ Նորին Սրբութիւն նշեց, թէ իր ծունկի ցաւը լաւացած է, առանց դիմելու վիրահատութեան։

 

 

Նիւթը «Ռատօ Վատիկան»ի  հայկական ծառայութիւնէն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան