Եւրայանձնաժողովը կ'ենթադրէ Լեռնային Ղարաբաղէն մարդոց զանգուածային ելք դէպի Հայաստան, եւ ստեղծուած ճգնաժամով պայմանաւորուած, 5 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ մարդոց աճող կարիքներու բաւարարման համար։ Այս մասին ըսուած է Եւրայանձնաժողովի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
5 միլիոն եւրոյէն 500 000-ը պիտի ուղղուի արտակարգ աջակցութեան, որու մասին յայտարարուած է անցեալ շաբաթ, իսկ 4,5 միլիոն եւրօ նոր ֆինանսական աջակցութիւնը պիտի յատկացուի հետեւեալ նպատակներու համար՝
- աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան բռնի տեղահանուած մարդոց։ Այս օգնութիւնը կը մատակարարուի Հայաստանի մէջ գործող Եւրոպական Միութեան գործընկեր տարբեր մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջոցով եւ կը հասնի շուրջ 25 000 մարդու։ Առաջնահերթութիւնն է տրամադրել կանխիկ դրամական օգնութիւն, օթեւան, ապահովել պարէնային անվտանգութիւն եւ ապրուստի միջոցներու աջակցութիւն։
- Աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խոցելի մարդոց։ Այս օգնութիւնը կը տրամադրուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով եւ նպատակ ունի շուրջ 60 000 մարդու օգնել սնունդով, բժշկական օգնութեամբ, ապաստանով եւ լոճիսթիք հարցերով:
«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք՝ աջակցելու հազարաւոր մարդոց, որոնք որոշած են փախիլ Լեռնային Ղարաբաղէն, յատկապէս հաշուի առնելով, որ առաջիկայ ձմեռ, ամենայն հաւանականութեամբ, փախստականները պիտի կանգնին լրացուցիչ մարտահրաւէրներու առջեւ: ԵՄ կտրուկ կ'ընդլայնէ իր մարդասիրական օգնութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ արտակարգ աջակցութիւն տրամադրելու կարիքաւոր մարդոց ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի անկլաւին մէջ, այնպէս ալ այժմ Հայաստան տեղահանուած մարդոց: ԵՄ յանձնառու է համակարգել մարդասիրական ջանքերը տեղւոյն վրայ՝ օգնելու այս հակամարտութենէն տուժածներուն», - ըսած է Ճգնաժամերու կառավարման հարցերով եւրայանձնակատար Ճանէզ Լենարչիչ։
Բացի այդ, հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը նաեւ մարդասիրական հարցերով փորձագէտ պիտի տեղակայէ տարածաշրջանը, որ գետնին վրայ աշխատի մարդասիրական գործընկեր կազմակերպութիւններուն հետ՝ ապահովելու արագ արձագանգ ճգնաժամին։