image

«Եւրոպան, բոլոր առումներով կը մօտենայ աղէտի». Հունգարիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

«Եւրոպան, բոլոր  առումներով  կը մօտենայ աղէտի». Հունգարիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթօն համոզուած է, որ Եւրոպան կը մօտենայ աղէտի, քանի որ այնտեղ չի հանդարտիր պատերազմական մտախտը։ Ան չակնկալեր, որ իրավիճակը կը փոխուի Եւրոմիութեան (ԵՄ) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ 26 յունիսին, Լիւքսեմպուրկի մէջ, գրած է kommersant.ru-ն։

«Եւրոպան, ցաւօք, բառի բոլոր իմաստներով կը մօտենայ աղէտին: Հնարաւոր կ'ըլլար կանխել աւելի մեծ աղէտը եւ փրկել հազարաւոր մարդոց կեանքեր, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է դադրեցնել պատերազմական մտախտը։ Պատրանքներ չունիմ, որ այդ տեղի կ'ունենայ Եւրոմիութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի այսօրուան նիստին»,- գրած է Արտաքին գործոց նախարարը դիմատետրի էջին:

Հունգարիոյ իշխանութիւնները բազմիցս քննադատած են Եւրոպական Միութիւնը՝ Ռուսիոյ հետ ռազմական հակամարտութեան մէջ Ուքրանիոյ աջակցելու համար։