image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոմիութիւնը Ռուսաստանի դէմ կանխարգելիչ պատժամիջոցներ չի նախատեսեր

Եւրոմիութիւնը Ռուսաստանի դէմ կանխարգելիչ պատժամիջոցներ չի նախատեսեր

Եւրոմիութիւնը չի նախատեսեր կանխարգելիչ պատժամիջոցներ կիրառել Մոսկուայի դէմ, սակայն միջոցներ պիտի ձեռնարկէ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսաստանի յարձակման պարագային։ Այս մասին յայտարարած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել` ելոյթ ունենալով Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ։

Արեւմուտքը կը պնդէ, որ ռուսական կողմը մոտ 100-հազարնոց զօրք կուտակած է Ուքրանիոյ սահմանին մօտ կը պատրաստուի ներխուժելու այդ երկիր։ Այդ յառաջացուցած է Ուքրանոյ, ՆԱԹՕ-ի, ԱՄՆ-ի եւ անոր եւրոպացի գործընկերներուն անհանգստութիւնը:

Ռուսաստանը այդ կը հերքէ եւ իր հերթին կը պահանջէ անվտանգութեան երաշխիքներ՝ մասնաւորապէս խոստում առ այն, որ նախկին խորհրդային երկիրները, ընդ որում՝ Ուքրանիան եւ Վրաստանը, չեն անդամակցիր ՆԱԹՕ-ին: