image
Հրատապ լուրեր:

«Եթէ ժողովուրդը ուշքի չգայ, մեզ դառն ճակատագիր մը կը սպասէ». Առուշ Առուշանեան

«Եթէ ժողովուրդը ուշքի չգայ, մեզ դառն  ճակատագիր մը կը սպասէ». Առուշ Առուշանեան

Մենք պէտք է պայքարինք, պէտք է մեր դիմադրութիւնը, որ սպաննածեն մեր մէջ, պէտք է վերականգնենք ու պայքարինք թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին թշնամիին դէմ․ այս մասին ըսած է «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքին ներկայ Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը:

«Այն, ինչ տեղի էր ունենում Արեւմտեան Հայաստանում 20-րդ դարի սկզբին, նոյնութեամբ կրկնւում է այսօր: Եթէ ժողովուրդը շատ արագ ուշքի չգայ, մենք կը կրկնենք նոյն ճակատագիրը», ըսած է Առուշանեանը:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հերթական անգամ կ'ըսեն, որ հանրահաւաքները կրնար յանգեցնել պատերազմի:

«Նրանք նոյնիսկ չգիտեն, թէ որտեղ է սկսւում մեր սահմանը եւ որտեղ վերջանում: Ներկայիս պայմաններում ամէն օր մարդկանց են առեւանգում, թշնամին ներթափանցում է մեր ինքնիշխան տարածք, էլ ո՞ւր աւելի վատ: Այսպէս կոչուած խաղաղութեան օրակարգն առասպել է: Այն գոյութիւն չունի: Մենք պէտք է վերականգնենք մեր դիմադրութիւնը, պայքարենք ե՛ւ արտաքին, ե՛ւ ներքին թշնամու դէմ», յաւելած է Առուշանեան: