Երուսաղէմի Աթոռէն կարեւոր լուր ստացանք, ըստ որուն Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան երկու ծայրագոյն վարդապետներ յառաջիկային եպիսկոպոսական օծում ստանալու դիմում պիտի ներկայացնեն։
Կը նշուի նաեւ, որ միաբան հայրերու ընտրութիւնը կատարուած է փակ քուէարկութեամբ եւ առաջիկային ալ անոնց անունները պիտի ներկայացուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին։
«Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ եղելութեան մասին հրապարակուած կարճ տեղեկատւութիւնը։
6 Յուլիս, 2023-ին, համաձայն Կանոնադրութիւն Ընդհանուր Ժողովոյ Միաբանական Ուխտին Սրբոց Յակոբեանց (Յօդուած 6, Բ.) գումարուեցաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողով, մասնակցութեամբ Ս. Աթոռ գտնուող Միաբանութեան անդամներուն, որուն ընթացքին Միաբան Հայրեր, նկատելով եպիսկոպոսներու անմիջական կարիքը Սուրբ Տեղեաց եւ Ս. Աթոռէն ներս՝ կատարեց Եպիսկոպոսական թեկնածուներու արժանաւորութեան քուէարկութիւն:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի եւ Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի կողմէ ներկայացուած Եպիսկոպոսական չորս թեկնածուներէն գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց Հոգշ. Տ. Թէոդորոս Ծ. Վարդապետ Զաքարեանը եւ Հոգշ. Տ. Կորիւն Ծ. Վարդապետ Բաղդասարեանը՝ արտօնելով անոնց Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը:
Եպիսկոպոսական թեկնածուներուն այս բարձր առաքելութեան մէջ թող զօրավիգ ըլլան Սուրբ Աթոռոյս հիմնադիր՝ Յակոբոս Տեառնեղբայր Առաքեալը եւ պաշտպան մեծ Սուրբը՝ Սուրբ Գլխադիրը, Սուրբ Աթոռոյս նուիրեալներ՝ Սուրբ Գրիգոր Շղթայակրի, Սուրբ Գրիգոր Պարոնտէրի եւ բոլոր սուրբ հայրերի բարեխօսական աղօթքները: