Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան մտադիր է 4 յունուարին հեռախօսային բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ: Այս մասին յայտնած է Էրտողանի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալընը NTV հեռուստաալիքի եթերին:
Ան աւելցուցած է, որ Էրտողան կը պատրաստուի անոնց հետ քննարկել ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորումը։