Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն վերահասու դարձանք գաղութի երիցագոյն քահանաներէն՝ Արժ. Տ Տաթեւ աւ. Քահանայի շիջման բօթը։
Այս առթիւ կը ներկայացնենք Թեմին կողմէ հրապարակուած մահագրական խօսքը՝
Ցաւով կը հաղորդենք, որ ի Տէր ննջեաց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր հոգեւորականներէն Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանը։ Մահը վրայ է հասած 20 Փետրուարին, 2024-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Այս տարի պիտի լրանար Տէր Տաթեւի հոգեւոր ծառայութեան յոբելինական 50-ամեակը, եւ տասնամեակներու արգասաբեր ծառայութեան ընթացքին Տէր Հայրը ուսանած է նախ Երուսաղէմի հայկական ճեմարանէն ներս, բարձրագոյն ուսում ստացած է Գալիֆորնիոյ Գլէրմոնթ աստուածաբանական եւ Ֆրէզնոյի պետական համալսարաններէն ներս։ Տէր Հայրը վարած է Րիտլիի եւ ապա Սան Տիէկոյի Հայց. եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
Տեր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Թաթուլեանի վերջին օծման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 9 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Յաջորդ օրը հոգելոյս Տեր Հօր մարմինը պիտի փոխադրուի Հայաստան եւ ամփոփուի Նոր Հաճընի գերեզմանատանը: Արարողութեանց պիտի նախագահէ Գուգարած Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Եպիսկոպոս Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ քահանայից դասին, հովանաւորութեամբ Կոտայքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Առաքել Արքեպիսկոպոս Քարամեանի: Հայաստան Տէր Հօր թաղմանական արարողութեանց Թեմիս կողմէ պիտի ներկայանան Արժ. Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսէսեանն ու Արժ. Տէր Խաժակ Քահանայ Շահբազեանը:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԺ. Տ. ՏԱԹԵՒ Աւ. ՔՀՆՅ. ԹԱԹՈՒԼԵԱՆԻ
Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան, աւազանի անունով Միսաք Գալուստ Թաթուլեան, ծնած է Հոկտեմբեր 10-ին, 1939, Րուհանիէ՝ Սուրիա։ Իր ծնողները՝ Յովսէփ եւ Ակիւլինէ, երկուքն ալ Հաճընցի եւ ուսուցիչներ էին։ Երբ Միսաք մի քանի տարեկան երեխայ մըն էր, ընտանեօք փոխադրուեցան Պէյրութ, Լիբանան, ուր ան մեծցաւ եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ հայկական վարժարաններուն մէջ։
1964-ին Միսաք ժամանեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Փասատինայի շրջանին մէջ։ Երկու տարի ետք, Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան զինք կիսասարկաւագ ձեռնադրեց։ 1966-ին Միսաք փոխադրուեցաւ Շիքակօ, ուր շարունակեց աշխատիլ որպէս լուսանկարիչ եւ շուտով բացաւ իր անձնական լուսանկարչատունը եւ հոն ապրեցաւ չորս տարի։
1968-ին Իլլընոյզի Ս. Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուեցաւ կիսասարկաւագ, ուր ծառայեց նաեւ որպէս Ծխական խորուհրդի անդամ՝ գործունեայ կեանք մը ունենալով հայրենակցական եւ մշակութային կազմակերպութիւններէն ներս։ 1968-ին ան հանդիպեցաւ Պէյրութէն եկած օրիորդ Արաքսի Գոփուշեանին եւ ամուսնացաւ անոր հետ։ Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Ասպետ, Արփի եւ Լոռի։ 1970-ին Միսաք եւ իր ընտանիքը փոխադրուեցաւ Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը։
1973-ին Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի կողմէ Միսաք Սարկաւագ ղրկուեցաւ Երուսաղէմ, Ս. Յակոբեանց Վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանի Ընծայարանի մէջ իր աստուածաբանական ուսումը զարգացնելու համար։ Տարի մը ետք վերադարձաւ Գալիֆորնիա եւ Գլէրմօնթ աստուածաբանական ճեմարանէն ներս ստացաւ իր բարձրագոյն ուսումը։
1974-ի Հոկտեմբերի 27-ին Րիտլիի (Ֆրեզնոյի շրջան) ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի կողմէ եւ վերակոչուեցաւ Տէր Տաթեւ Քահանայ։ Հովուական իր ծառայութեանց կողքին, Տէր Հայրը յաճախեց Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանը եւ 1985-ին ստացաւ իր Պսակաւոր արուեստից տիտղոսը՝ պատմութեան մէջ։
Տէր Հայրը հովուական այս պաշտօնը վարեց մինչեւ Յունիս 3, 1990։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ Յունիս 4-ին, 1990, Հոգեւոր հովիւը նշանակուեցաւ Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ, ուր ծառայեց ամենայն ձեռնհասութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ։
Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան եղած է Թեմական խորհուրդի անդամ եւ իրեն յանձնուած պարտականութիւնները կատարած է լաւագոյն կերպով։