image
Հրատապ լուրեր:

Հռոմի Պապին շիջման առթիւ. Ցաւակցական այց Պապական նուիրակ Արհի.Փաոլօ Պուրճային

Հռոմի Պապին շիջման առթիւ.  Ցաւակցական այց Պապական նուիրակ  Արհի.Փաոլօ Պուրճային

Օրերս՝ Պապական նուրիակ՝ Արհի. Փաոլօ Պորճա-ին Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան տխուր առիթով,  Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդը  եւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդը, իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին:

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանքի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Գլխաւորութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի մեծաւոր՝ Գերպ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթերեանի, Վարչական հայրերը և վանաբնակ Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան, վաստակաւոր առաջնորդ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին, իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Պապական նուրիակ՝ Արհի. Փաոլօ Պորճա-ին Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան տխուր առիթով։ Այնուհետեւ գրառում կատարուեցաւ այս առթիւ զետեղուած յատուկ «Ցաւակցական մատեան»-ին մէջ։

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։