Երեւանի գլխաւոր փողոցներուն եւ պողոտաներուն վրայ անհնհազանդութեան գործողութիւններ կը կատարուին։ Քաղաքացիներ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
Յիշեցնենք, որ շաբաթ օր հանրահաւաք կատարած քաղաքական ուժերը հաւաքի աւարտին յայտարարութեամբ հանդէս եկած էին եւ մինչեւ այսօրուան կէսօրը վերջնաժամկէտ տուած էին Փաշինեանին հրաժարելու համար իր պաշտօնէն։
Ի դէպ նախքան բողոքի գործողութիւններուն մեկնարկը տեսագրուած խօսքով մը հանդէս եկած էր ՀՅԴ ԳՄ-ի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը։
Սաղաթէլեան նշած էր, որ քաղաքացիները իրաւունք ունին մինչեւ այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:00-ը իրականացնելու բողոքի գործողութիւնները լսելի դարձնելու համար Փաշինեանի հրաժարականի անյապաղ պահանջը։