image

Երեւանի մէջ. Պիտի տեղադրուի Երուանդ Մանարեանի արձանը

Երեւանի մէջ. Պիտի տեղադրուի Երուանդ Մանարեանի արձանը

Հաշուի առնելով, որ Երուանդ Մանարեանի ստեղծագործական գործունէութիւնը անմիջականօրէն կապուած եղած է Յ. Թումանեանի անուան ազգային տիկնիկային թատրոնի հետ, ինչպէս նաեւ հետագային, թատրոնին մէջ պիտի իրականացուին Ե. Մանարեանին նուիրուած յոբելենական միջոցառումներ`արձանի պատրաստման եւ տեղադրման աշխատանքներու ձեռքբերումը պիտի կատարուի «Յ. Թումանեանի անուան ազգային տիկնիկային թատրոն» ՊՈԱԿ-ի կողմէ:

Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն, նշելով, որ 2024 թուականի օգոստոս 10–ին, կը լրանայ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, դերասան, բեմադրիչ Երուանդ Մանարեանի ծննդեան 100–ամեակը։

Այդ կապակցութեամբ նախաձեռնուած է մեծանուն արուեստագէտի արձանի պատրաստման գործընթացը։ 2.8 մեթր բարձրութեամբ արձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի Սայաթ-Նովա պողոտայ 4 հասցէին յարող տարածքին մէջ`Յ. Թումանեանի անուան ազգային տիկնիկային թատրոնի դիմաց, սալահատակուած մայթին:

Պրոնզաձոյլ արձանի հեղինակը Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ, քանդակագործ Արմենակ Վարդանեանն է։ Արձանի տեղադրման վայրը համաձայնեցուած է արուեստագէտի ժառանգներու հետ եւ հաստատուած է Երեւանի աւագանիի 14.05.2024 թուականի N 151-Ա որոշմամբ։ Արձանի մտայղացման հիմքը կը կազմէ Երուանդ Մանարեանին մեծ ճանաչում բերած «Հարսնացուն հիւսիսից» ֆիլմի մէկ հատուածը: Ֆիլմի հերոսը, երեւակայական շարժակաւոր հեծելանիւի վրայ նստած, կը սլանայ առաջ՝ ձեռքին մէջ պահած իր ներկայացումներու կերպարներէն «Անյաղթ աքլորը»: Երուանդ Մանարեան անգնահատելի ժառանգութիւն ձգած է սերունդներուն. նկարահանած է վաւերագրական եւ գեղարուեստական շարք մը ֆիլմեր, հեղինակած է բազմաթիւ ֆիլմերու սենարներ, նկարահանուած է ֆիլմերու մէջ, հրատարակած է պատմուածքներ եւ յօդուածներ։  1957-59 թուականներուն ան եղած է Յ. Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչը:

Աւելի վաղ ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ աւելի քան 137 մլն դրամ գումար յատկացուած է Սոս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոնի նոր շէնքի յարդարման, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Երուանդ Մանարեանի արձանի պատրաստման եւ տեղադրման աշխատանքներու իրականացման համար: Միջոցները տրամադրուած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան` 2024 թուականի պետական պիւտճէի յատկացումներու վերաբաշխմամբ:«Սոս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոն» ՊՈԱԿ-ի համար Անրի Վերնոյ 3 հասցէին վրայ բարեգործական ծրագրի շրջածիրէ ներս կառուցուած է նոր շէնք, սակայն ներքին յարդարման որոշակի աշխատանքներ չեն կատարուած։ Թատրոնի բնականոն գործունէութեան համար անհրաժեշտ շէնքային եւ ենթակառուցուածքային բարենպաստ պայմաններու ապահովման, ինչպէս նաեւ բարերարի գործն աւարտին հասցնելու, ամբողջականացնելու նպատակով կատարուած յատկացումը կը կազմէ  69.7 միլիոն  դրամ։