image

Երեւանի մէջ մահացած Մոսիկ Սուլուրեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի

Երեւանի մէջ մահացած Մոսիկ Սուլուրեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի

Չորեքշաբթի 25 յունուարին, ժամը 2:00-ին, Երեւանի Մալաթիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ երեւանաբնակ սուրիահայ Մոսիկ Սուլուրեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն: 

Յիշեցնենք, որ լուսահոգի պրն. Մոսի Սուլուրեան իր մահկանացուն կնքած էր Երեւանի մէջ 22 յունուար 2017-ին: Ան Սուրիոյ պատերազմի պատճառով 2013-ի յուլիսին Հալէպէն ընտանեօք հեռանալու ժամանակ, ճանապարհին հանրակառքի վրայ եղած գնդակոծման հետեւանքով կորսնցուցած էր կինը՝ 40-ամեայ Թամար Սուլուրեանը, իսկ ինք եւ երկու երեխաները վիրաւորուած էին:

Մոսիկ Սուլուրեան ոսկերիչ էր: Անոր երկու երեխաներէն մէկը անչափահաս է: