image
Հրատապ լուրեր:

Երբ կը սաւառնէր Արծիւը

Երբ կը  սաւառնէր Արծիւը

Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի գլխաւոր օրակարգը Սիւնեաց աշխարհին մտահոգիչ կացութիւնն էր: Ակնյայտ է, որ անցողիկ բնոյթ չունէր այդ: Մռայլ հեռանկարի մը ուրուականին նախանշանը կը թուէր ըլլալ: Հետզհետէ սեղմուող Հայաստանի հարաւային լեռնաշխարհը ծանրակշիռ իրականութեան մը դէմ յանդիման կրնայ գտնուիլ որեւէ պահու: Ի հարկէ, այս հարցը ծառացաւ վերջին պատերազմին մեզի համար խիստ անյաջող աւարտէն ետք միայն: 

Արդարեւ, ազերի բանակայիններ, անշուշտ վերէն թելադրուած հրահանգի մը գործադրութեան ի խնդիր, քմահաճօրէն փակեցին Գորիս-Կապան միջազգային ճանապարհը եւ անդամալուծեցին անոր բնականոն երթեւեկը: Պարզ էր նպատակը, առաջին՝ Հայաստանի ամենահարաւը մեկուսացնել, երկրորդ՝ Հայաստանի կենսական մէկ երակը կտրել, տնտեսական ու հոգեբանական ճնշում բանեցնելու համար եւ երրորդ՝ հասկցնել, թէ որեւէ վայրկեան հայեր կրնան գտնուիլ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն հակակշռին տակ: Ընդամէնը 75 ազերի բանակայիններ խուճապի մատնեցին հայ կեանքը:

Կասկած չկայ, որ այս սանձարձակ քայլը ունէր ռազմավարական յետին նպատակ: Ահազանգ մըն էր, թէ Հայաստանի մէկ տարածքը Դամոկլեան Սուրի ներքեւ է՝ ազերիական ձեռքերով: Բարեբախտաբար, դարձեալ ռուսական աշխոյժ միջամտութեամբ եւ բանակցութիւններու շնորհիւ թնճուկը քակուեցաւ: Բայց՝ ի՞նչ գինով, մինչեւ ե՞րբ ի զօրու է այս նոր կարգադրութիւնը, ռուսական կողմը ի՞նչ դերակատարութիւն ունէր անոր փակման կամ վերաբացումին խորհրդաւոր ռազմաքաղաքական թատրերգութեան մէջ: Շատ հաւանաբար այս բոլորը կը բիւրեղանան հետագային:

Այս զայրացուցիչ լուրը հազիւ ստացած, վերյիշեցի յուշագրութիւն-հատոր մը, որ ծուարած է գրադարանիս մէկ անկիւնը: Ձեռքս մեկնեցի վերստին թերթատելու անոր էջերը: Հեղինակը Եղիշէ Քաջունին է, որ եղած է Անդրանիկ Փաշայի գրագիրներէն եւ հաւատաւոր զինուորներէն մին: Անոր յուշագրութիւն-օրագրութիւնը կը կոչուի «Զօրավար Անդրանիկ. Հայկական Առանձին Հարուածող Զօրամասը»: Ան կը պատմէ 1918-1919 թուականներուն Անդրանիկ Փաշայի մարտական գործողութիւններուն, մաքրագործման աշխատանքներուն եւ պատժիչ փոքր-յարձակումներուն մասին որոնք տեղի ունեցած են Զանգեզուրի, Նախիջեւանի, Արցախի տարբեր շրջաններու եւ գիւղերու մէջ: Մէկ խօսքով, ա՛յն սաւառնաթռիչ խոյանքներուն, որ Սասնոյ Արծիւը ի գործ կը դնէր Սիւնիքի եւ Արցախի այն վայրերուն մէջ, որոնք այսօր կը գտնուին ազերիական աքցանին մէջ: Այսօրուան ազերի լկտի զինուորները եւ անոնց վերջերս գոռոզացած նախագահը գիտե՞ն իրենց նախնեաց ահն ու սարսափը, որ կ'ապրէին Զօրավար Անդրանիկի անունը լսելով:

Օրագրութեան Յուլիս 25 եւ 26-ին (1918 թ.) մէջ կը կարդանք. «Վերին Ղափանի 40ի մօտ գիւղերէն միայն 4ը հայ են, մնացածները թրքական են: Քաջարանի մէջ թրքական գիւղերու ներկայացուցիչները կու գան, կը ներկայանան Զօրավարին եւ կը յայտնեն իրենց անկեղծ բարեկամութիւնը հայերու: Այդ ներկայացուցիչները Զօրավարին հետ ճամբորդեցին մինչեւ Հանդ հայկական գիւղը, ուր գիշերեցինք: Շրջանին բոլոր թրքական գիւղերը բարեկամական վերաբերմունք ցոյց տուին թէ՛ Զօրամասին եւ թէ՛ եկող գաղթականութեան» (25 Յուլիս):

«26 Յուլիս.- Հանդ գիւղէն կանուխ կը մեկնինք: Ճամբան շատ հրաշալի է: Ամբողջ ձորը արդէն ինքնին բերդ մըն է: Միաժամանակ, առատ ջուրը հեղեղատով կը սահի ձորն ի վար ահագին աղմուկով: Տեղ մը թուրք գիւղացիները Զօրավարին առջեւ ուզեցին մորթել եզ մը եւ զայն հիւրասիրեցին կարագով ու մեղրով»:

Անդրանիկ Փաշային հանդէպ այս փաղաքուշ մօտեցումը շնորհակրթութեա՞ն արդիւնք էր թէ՞ երկիւղի: Դուք դատեցէք: Չմոռնաք, որ Արծիւը կը սաւառնէր քաջաբար:

Այսօր Զօրավար Անդրանիկի մարմնական մահուան տարելիցն է: Ոգեկոչումը անոր արդէն դարձած է բարոյահոգեբանական հրամայական, քանզի ժխտականութեան եւ յուսահատութեան մեր մռայլ օրերուն, խիստ կարիքը կայ մեր ազգային ողնաշարը շտկելու աշխատանքին: Այդ կը սկսի հերոսներու վերարժեւորմամբ, քանզի անոնք կը նմանին մնայուն դաստիարակներու, որոնք բարոյական ոգի, շունչ, խանդ ու եռանդ կը սրսկեն սերունդներուն:

Շապին Գարահիսարցի Անդրանիկ Օզանեանին սաւառնումը սկսաւ 1865-ին: Հասաւ հոն՝ ուր որ զգաց կարիքը իր ներկայութեան՝ Սասունէն Տարօն, Պուլկարիա ու Տիլման, Էրզրում ու Ջաւախք, Վան ու Բաղէշ, Ջուղա, Նախիջեւան ու Զանգեզուր: Եթէ սկիզբը իր մարտական ուղին երիվարով, թուրով ու զէնքով էր, որբահաւաքի նուիրական պարտականութիւնն էր, ապա կեանքի վերջին հատուածին գաղութէ գաղութ յանուն վերածնած Հայաստանին քարոզչութիւնն էր, հանգանակութիւնն էր՝ նիւթապէս հասնելու հայրենքին օգնութեան: 

Մարմնական սաւառնումին աւարտէն ետք՝ 31 Օգոստոս 1927-ին, սկսաւ բարոյական ու ոգեկան սաւառնումը, երբ դպրոցներու մէջ, բեմերու վրայ, ազգային հաւաքներու ընթացքին սերունդներ երգեցին՝ «Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ», կամ՝ «Արծիւ սլացիր դէպի Հայաստան», «Անդրանիկին, Սերոբ Փաշին, Հայկ Բժշկեանցին»: Գրիչներ փառահիւսեցին հայոց ամենաժողովրդական հերոսը գիրքերով, ներբողներով ու մատեաններով, պատմաբաններ՝ ուսումնասիրութիւններով եւ յօդուածներով: Հայրենիքի մէջ հոս ու հոն սկսաւ կոթողուիլ վիթխարի թէ փոքր արձանները անոր՝ Ուջանէն սկսեալ: Անոր երկրորդ սաւառնումը շարունակուեցաւ մինչեւ Արծիւին աճիւններուն վերաթաղումը Եռաբլուր: 

Ուշագրաւ կէտ մը կայ Անդրանիկ Փաշայի պարագային: Ոեւէ հայու մահ այնքան ցնծութիւն չէ պատճառած թրքական մամուլին, որքան Զօրավար Անդրանիկի. նաեւ թրքական «խոստում» մը, որ պէտք չէ թողուլ որ նոր Անդրանիկներ ծնին Հայաստանի հողին վրայ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Անդրանիկի բազուկին հզօրութիւնն ու զօրականի տաղանդը սարսափեցուցած էր թշնամին:

Արցախեան վերջին պատերազմին կործանարար հետեւանքը քննարկողներ յաճախակիօրէն հարց կու տային,- ինչո՞ւ պարտուեցանք: Ամէն ոք իր մեկնաբանութիւնը ունէր հարկաւ, ստէպ՝ համոզիչ եւ ստէպ՝ վերացական: Բայց, եկէք պահ մը մենք մեզի նայինք հայելիի դիմաց եւ հարց տանք՝ Զօրավար Անդրանիկի ոգիին, գաղափարին, քաղաքական ուղղութեան, մարտականութեան, հողապաշտութեան արդեօ՞ք մնացինք հաւատարիմ: Իր թողած ազգային ժառանգութենէն մասնիկներ կա՞ն մեր մէջ: Արձանն ու կոթողը նիւթական կառոյցներ են՝ անշուշտ ողջունելի, սակայն ո՞ւր է Անդրանիկի ոգիին մասնիկները նոր սերունդին մօտ՝ երբ այլասիրութեան, դասալքութեան, ուծացման եւ օտարապաշտութեան վարակը թարախի նման տարածուած է աստ ու անդ: 

Հետեւաբար, Արծիւը պէտք է սաւառնի, որ ազգն ալ գոյատեւէ եւ իր հերթին սաւառնի: Այլապէս՝ Արծիւը պիտի յուզուէր եւ արձանագրէր՝ գործս իրօք կէս մնաց...

Երբ կը սաւառնէր Արծիւը մենք ուղիղ էինք, թաթար ազերին կքած, թուրքը շլմորած:

Անզուգական Արծիւ, ա՛յս օրերուն սլացիր դէպի Հայաստան...

 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ       

 

 

Աւետիս Ռազմիկ

Աւետիս Ռազմիկ

Ծնած եմ 15 Մարտ 1965-ին Պէյրութ: Հօրենական կո...