image

«Երախտապարտ ըլլալը լաւ բան է, բայց պէտք է լեզու գտնենք բոլոր կողմերուն հետ...»Հրայր Ակիլեանը մեկնաբանեց ՝ Գէորգ Ալմասեանի դէմ եղած յարձակումը

«Երախտապարտ ըլլալը լաւ բան է,  բայց պէտք է լեզու գտնենք բոլոր  կողմերուն հետ...»Հրայր Ակիլեանը  մեկնաբանեց ՝ Գէորգ Ալմասեանի դէմ եղած  յարձակումը

Սուրիահայ լրագրող Գէորգ Ալմասեան օրեր  առաջ, Պերլինի  մէջ ենթարկուեցաւ  մահափորձի։  Այս առթիւ «Արեւելք»  դիմեց   հալէպահայ   գործիչ Հրայր Ակիլեանին՝  դէպքին վերաբերեալ  վերջինիս  մեկնաբանութիւնը  խնդրելով։

Յիշեցնենք, որ Ակիլեան մօտիկ   բարեկամն է  Ալմասեաններուն եւ յատկապէս  Գէորգ Ալմասեանի  հօր։

Նիւթը կը հրապարկենք  յարգելով  այլակարծութեան ազատութիւնը։

 

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք հալէպահայ լրագրող Գէորգ Ալմասեանի դէմ եղած մահափորձը։

 

Նախ, իբր հայ, կը դատապարտեմ եղած յարձակումը իմ ազգակիցիս դէմ, ինչ ալ ըլլան պատճառները: Բայց ես ուշադրութիւն դարձուցած եմ, որ Գէորգ Ալմասեանը  վերջին 4-5 տարիներուն շատ աշխոյժ եւ խանդավառ կերպով անընդհատ փառաբանումներ կ'ընէր Սուրիոյ կառավարութեան, ինչին ես անձամբ դէմ եմ: Երախտապարտ ըլլալը լաւ բան է, բայց պէտք է գիտակցիլ, որ մենք, իբր սուրիահայ գաղութ, պէտք է լեզու գտնենք բոլորին հետ, մենք Սուրիոյ մէջ 6-7 դար  պատմութիւն ունեցող հայ համայնք  ենք եւ վերջին 100 տարիներու ընթացքին այդ համայնքը զարգացաւ եւ մեծցաւ՝ մեծ եղեռնի օրերուն եղած գաղթի հետեւանքով, իսկ այդ օրերուն սուրիական հողերուն վրայ մեզի ընդունողը այսօրուան կառավարութիւնը չէր, մեզի ընդունողը ե՛ւ սիւննին էր, ե՛ւ արաբն էր, նոյն ատեն տեղացի քրիստոնեան էր, տիւրզին էր, բոլորն էին, այսինքն մենք մէկ կողմը փառաբանելով կողմնակցութիւն պէտք չէ ընենք, այլ պէտք է մեր կապը ամրացնենք Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչներուն հետ, որոնք բոլորն ալ իրենց իրաւունքները ունին: 

 

-Այսքան տարուայ  փորձառութենէ ետք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք Գէորգին։


Ես, ինչպէս ըսի, առաջին օրէն սխալ կը տեսնէի Գէորգին   կարգ մը մօտեցումները,  որոնք պէտք եղածէն աւելի համարձակ էին։ Պապէն աւելի կաթոլիկ ըլլալը ճիշդ չէր անշուշտ, եւ կ'ակնկալէի որ իր դէմ այսպիսի շարժում մը ըլլար, բայց ոչ ուղղակի կեանքին սպառնացող, այլ զգուշացնելու համար, բայց վերջաւորութեան նպատակը նպատակ է, ըլլալիքն ալ եղաւ. այս անգամ բարեբախտաբար փրկուեցաւ, յուսամ այլեւս աւելի ուշադիր եւ զգոյշ կ'ըլլայ եւ իր լրագրողական այս խանդավառութիւնը կը սկսի ծառայեցնել նաեւ հայութեան օգտին, իր նիւթերուն թիրախը  դարձնելով Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։


-Մտահո՞գ էք անոր  ապահովական  վիճակով։


Այո, բնականաբար մտահոգ եմ, մանաւանդ այս վերջին միջադէպէն ետք. բայց ինչ օգուտ իմ մտահոգութենէս, վերջաւորութեան իր որոշումն է: 

Նորէն ալ, Աստուած պահէ իրեն, լաւ ընկերոջս զաւակն է, հայրը մօտ ընկեր է, այնպէս որ, ինչ ալ ըսեմ աւելորդ է, իր գլխուն ճարը, իր գլխուն ապահովութիւնը ինք գիտէ, ինք կ'որոշէ: