image

Եգիպտոսի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը

Եգիպտոսի խորհրդարանը  պիտի քննարկէ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը

Եգիպտոսի խորհրդարանի մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան յանձնախումբի անդամ Մուսթաֆա Պաքրի խորհրդարանին ներկայացուցած է իր եւ 336 այլ երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած բանաձեւ մը, որ խորհրդարանէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ եգիպտական «Պալատ» օրաթերթին կայքը: Աղբիւրի համաձայն, Պաքրի եւ 336 երեսփոխանները նաեւ ՄԱԿ-ի եւ այլ պետութիւններու կոչ կ'ուղղեն իրաւական անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` միջազգային ընտանիքին կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Պաքրի իր դիմումին մէջ կ'աւելցնէ, որ պէտք է դատապարտել օսմանցիներուն կողմէ 1915-1922-ին գործուած ջարդերը, որոնց զոհ գացած են 1,5 միլիոն անմեղ քաղաքայիններ, որովհետեւ այդ ոճիրը անզէն ժողովուրդի մը դէմ ցեղասպանութիւն է: