Եգիպտոսի մէջ 28 մարդ փրկած են Sea Story զբօսանաւէն, որ խորտակուած է Կարմիր ծովու Մարսա Ալամ քաղաքի ափերուն մօտ։ Այս պահուն 17 մարդ կը համարուի անհետ կորսուած, անոնց որոնումները կը շարունակուին, ըսած է նահանգապետ Ամր Հանաֆին։
Հաւանականութիւն կայ, որ փրկուածներու մէկ մասը վերցուցած է որոնողափրկարարական օդանաւը: Միւսները փրկելու համար ուղարկուած է պահակային ծառայութեան ռազմանաւ, գրած է life.ru-ն։
Ընդհանուր առմամբ, զբօսանաւուն վրայ եղած է 31 զբօսաշրջիկ եւ անձնակազմի 14 անդամ: Զբօսանաւը Մարսա Ալամի մէջ գտնուող Ղալիպ նաւահանգիստէն մեկնած է նոյեմբեր 24-ին եւ պէտք է Հուրկատա հասնէր նոյեմբեր 29-ին: