image

Եգիպտացի հնագէտներ գունաւոր մոմիաներ յայտնաբերած են

Եգիպտացի հնագէտներ գունաւոր մոմիաներ յայտնաբերած են

Եգիպտացի հնագէտները մումիաներու ամբողջութեամբ գունաւոր դիմանկարներ յայտնաբերած են: Հետազօտողները Ալ- Ֆայումի մէջ գտնուող Կերզա հնավայրին մէջ յայտնաբերած են եգիպտական ​​մումիաներու երկու դիմանկարներ եւ այլ դիմանկարներու բեկորներ, որոնք իրենց տեսակի մէջ առաջինն են, որ յայտնաբերուած է աւելի քան 115 տարուած ընթացքին:

Անգլիացի հնագէտ Ֆլինտըրս Փեթրին վերջինն է, որ նման արուեստի գործեր յայտնաբերած է. ան 1911 թուականին հռոմէական գերեզմանոցի մէջ յայտնաբերած է ՝ 146 մումիայի դիմանկարներ, յայտնած է Artnet News-ը:

Գտածոները յայտնաբերուած են հնագոյն Ֆիլատելֆիա քաղաքի աւերակներու շրջանին իրականացուող պեղումներէն, որ, ըստ Աւստրիական հնագիտական ​​հիմնարկի, կը գտնուի Ալ-Ֆայումի հիւսիս-արեւելեան անկիւնին մէջ՝ ժամանակակից Գահիրէէն մօտ 75 մղոն հարաւ-արեւմուտք:

Ֆայումի մէջ գտնուող Կերզայի հնավայրը ուսումնասիրող խումբը նաեւ թաղման շէնք, պապիրուսային արձանագրութիւններ, խեցեղէն եւ դագաղներ յայտնաբերած է, որոնք կը թուագրուին Պտղոմէոսեան ժամանակաշրջանին, որ կ'ընդգրկէ մ.թ.ա. 305-էն 30 թուականները:

Եգիպտոսի կառավարութիւնը ըսած է, որ գտածոները հետաքրքիր պատկերացում կու տան մօտ 2000 տարի առաջ Ֆիլատելֆիոյ մէջ (որ հին յունարէն կը նշանակէ «Եղբայրական սիրոյ քաղաք») մարդոց ընկերային, տնտեսական եւ կրօնական պայմաններու մասին: