image

Եղանակը պիտի տաքնայ

Եղանակը պիտի տաքնայ

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին 12 դեկտեմբերին, 14-ի ցերեկը, 15-16-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Դեկտեմբեր 13-ի եւ 14-ի գիշերը առանձին շրջաններու մէջ, 13-ի ցերեկը շրջաններու մեծ մասին մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային շրջաններուն մէջ՝ ձիւն: Դեկտեմբեր 12-ին Արարատեան դաշտին մէջ առաւօտեան ժամերուն, 13-14-ը շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի մառախուղ:

Քամին՝ հարաւ-արեւելեան` 2-5 մ/վ:

Օդի ջերմաստիճանը դեկտեմբեր 14-16-ի ցերեկը աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 3-5 աստիճանով:

Երեւանի մէջ 12 դեկտեմբերին, 13-ի գիշերը, 14-16-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Դեկտեմբեր 13-ի ցերեկը կը սպասուի անձրեւ եւ մառախուղ:

Օդի ջերմաստիճանը մայրաքաղաքին մէջ պիտի ըլլայ ցերեկը 4-6, երեկոյեան՝ 3-5 աստիճան։