Տարածաշրջանային յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները կը ծրագրեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուիլ, ըսած է ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք:
Ան աւելցուցած է, թէ այս ամիս կայանալիք այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուին հանդիպումներ նախագահներուն հետ՝ «Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ սկսածը աւարտին հասցնելու եւ կարգաւորման բաղադրիչներու քննարկումը շարունակելու համար»։
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ համանախագահները մտադի՞ր են արդեօք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն առաջարկել դարձեալ հանդիպիլ, Ուորլիք ըսած է. «Մենք յոյս ունինք, որ նախագահները առաջին իսկ առիթով կը հանդիպին, սակայն ցարդ յստակ թուական կամ հանդիպման վայր չէ որոշուած»: