Բառի աստուած,
Քու երկիրդ իմ բառս գողցաւ,
Աղ ցանեցինք մեր վէրքերուն
Փակեցինք մեր աչքերը
Չտեսնելու համար կապարէ ծանր երեսները:
Երեսները բութ եւ անվսեմ:
Վերջին կապը մնացիր դուն բառերէն անդին:
Ու նաւարկեցի հետդ կատաղի արիւններուն մէջէն
Պոռնիկ Պոլիսէն, պոռնիկ Պէյրութէն .
Որ դարձաւ բանաստեղծներու մեծ գերեզման:
Հիմա բառդ քաղաքները իրարու կը կապէ,
Բոլոր տխուր սիրտերը,
Բոլոր կարմիր կամուրջները
Բոլոր սպասումները այս սուտ եւ ամեհի ժամանակներուն:
Ցեղին մեծ խինդը եւ բոզացումը իր մեռելներուն վրայ
Եւ արեան առեւտուրը
Եւ իմ մեծ մեռելներուս վսեմական փառքին գովքը:
Բարի տարեդարձ քեզի
Բառերու մեր աստուած:
Ս.Ա.