image

Դուրս գալ լուսանցքներէն...

Դուրս գալ լուսանցքներէն...

«Չըլլանք մարգինալ». բառ, որ քաղաքական գնահատականի համազօր եւ լակոնական ասոյթ մըն է... Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը փափաքի, որ հաշտ ու համերաշխ խօսինք այս ժողովուրդին հետ։ Մտնենք անոր սիրտին մէջ, բարձրանանք անոր բնակարանը, թակենք դուռը, նստինք անոր սեղանին, կտոր մը հաց կիսենք ու հասկնանք, թէ ի՛նչ կը մտածէ ան։

Մինչ այդ, մենք կամ մեզմէ շատեր եթէ կոչուած ենք այս ժողովուրդին տարտն ու ցաւը հասկնալ, ապա պարտաւոր ենք լսել անոր խօսքը, մտնել անոր առօրեային մէջ ու ամենակարեւորը՝ հասկնանք անոր ուզածը։

Ի վերջոյ, այս հողին ու երկրին տէրը մենք չենք, մենք կրնանք լաւ գործակից մը ըլլալ այս ժողովուրդին, որ երկար տարիներէ ի վեր բնաւորուած է այս հողին վրայ ու կը շարունակէ հաւատալ այս հողի ուժին։

Բերք կը բերէ մեզի, այգի կը պահէ, ծառ ու ծաղիկ կը խնամէ, խաչին ու խաչվառին համար պսակ կը հիւսէ ու չի մոռնար ամէն առիթի իր աղօթքին մէջ խառնել Հայաստանի անդորրին համար եղած մաղթանքն ու անոր սահմաններուն անվտանգութեան փափաքը։

Մենք ժողովուրդը չենք։ Չենք, որովհետեւ այսօր այս ժողովուրդը չի վստահիր մեզի, այլ խնդիր, թէ այս ժողովուրդի գիտակցութեան կամ հաւաքական ընկալումներուն մէջ ինչքան է իրաւացիութիւնը մօտեցումներուն եւ ընկալումներուն, բայց եթէ պահ մը ընդունինք, որ հայ ժողովուրդը դարերէն վազող մեր ազգի բնազդներուն, ներքին ուժերուն, ներքին խմորումներուն խորունկ անօթն է, ապա ուրեմն պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ այդ ժողովուրդին ու անոր մեծութեան հետ։

Այստեղ, անշուշտ, չեմ ուզեր խառնել այն նիւթերը, որոնք վերջին տարիներուն մեծ հաշուով լսելի դարձան մեզմէ շատերուն կողմէ, որ առհասարակ կը խօսին ամբոխավարութեան կամ նոյնիսկ հասարակական թեքնոլոժիներու գործադրութեան մասին, սակայն, նոյնիսկ այդ պարագային այս ժողովուրդը պահեց իր ներքին ուժը ու հակառակ փողոցին մէջ տիրող մեծ լարուածութեան՝ ոչ մէկ երեւանցիի կամ շրջաններէն մայրաքաղաք հասած հայու քիթը արիւնեցաւ։ Ու հակառակ անոր, որ ահի եւ հարցումներու խոշոր ամպ մը երեւցաւ Երեւանի երկնակամարին, յստակ էր, որ ժողովուրդը հասաւ իր մուրազին։

Ճիշդ է, որ գունաւոր յեղափոխութեան երանգները բոլորին համար ուրախալի դրոյթ չէր, իբր այդ, աւելի ուշ տեղի ունեցած դէպքերը բնորոշուեցան որպէս «արտաքին մութ ուժերու կողմէ իրականացուած դէպքեր», որոնք նոյն այդ մարդոց կարծիքով՝ Հայաստանին համար լաւ օրեր պիտի չտային...

Յետոյ բոլորս միասին ապրեցանք Արցախի պատերազմի մեծ դառնութիւնը, որ դարձեալ կարգ մը կողմերու համար պատասխանն էր Երեւանի գունաւոր յեղափոխութեան՝ պարզ անոր համար, որ հիւսիսի տէրը կամ հիւսիսի քաղաքականութիւնը մշակողներուն համար անընդունելի էր, որ իրենց քաղաքականութեան ու քաղաքական ներդաշնակութեան մէջ հլու-հնազանդ Երեւանը այդ կերպ ընդդիմանար ու անկէ ետք ալ բռնէր իբրեւ թէ Արեւմուտքին մօտենալու ճանապարհը, որ ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ վաղուան օրը մեզ կրնայ տեղ մը առաջնորդել։

Աշխարհաքաղաքական այս պատկերումին, այս տրամադրութիւններուն մէջ, անշուշտ, կար հայ ժողովուրդի խօսքը, որ շատ շատերուն համար անխելքութեան, անհեռատեսութեան եւ անողնայար որոշումներու խուրձ մըն է, որուն վրայ յենլով էր, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր նեղ շրջանակի մարդիկը կը հասնէին իշխանութեան։

Արեւելք-Արեւմուտք մեծ խզումի, մեծ թշնամութեան փուլէն ճիշդ առաջ կը հասուննային այդ դէպքերը ու ձեւով մըն ալ կը համարուէին նախանշանը, առաջին ծիծեռնակը շրջանային այն բեկումներուն, որոնք մինչեւ այս պահը դեռ կը շարունակուին ու կը սպասեն իրենց աւարտին։

Այդ բոլոր իրադարձութիւնները եւ ընթացքները խորքին մէջ կը գծուէին մեծ ընթացքներով, տեղաշարժերով ու ամենավատը՝ հազարաւոր մարդկանց արիւնով։

Երեւան, Քիեւ, անցում մը դէպի Ալմա Աթա, յետոյ դարձեալ Ուքրայնայի սահմանային հողեր ու նոր անվրէպ եւ շատ մեծ արիւնններով լեցուն Կազզէի պատերազմ։ Դարձեալ նոր անցումներ, դէպի մեծն Միջին Արեւելքի ծայրերը՝ Պապ էլ Մենտէպ, Հուտայտատ, Եմէնի խորքեր եւ եմէնեան ջուրեր, բացատներ ու ծոցեր, Արաբական ծոց, մինչեւ Թեհրան։

Իսրայէլ-Իրան մեծ պայքարին մասին կարելի է աւելի երկար գրել, սակայն այս մեծ տեղաշարժերուն մէջ հասկնալի էր արդէն, որ Երեւանի մէջ ընթացք առած դէպքերը պարզապէս նախերգանքն են այն շարժերուն, որոնք կը գծեն իսկական համայնապատկերը Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարին, որ անսկիզբ է՝ մանաւանդ անվերջ ու սահմաններ չունի։

Այս բոլորէն անդին այս օրերուն Երեւանի իրադարձութիւնները մեծ հաշուով կլորացումն են ու փակման փորձը այն մեծ սահմանագծումներուն, որոնց մէջ Տաւուշի գիւղերը ընդամէնը եւ միայն ու միայն մանրադրամ են։

Եւ, ի հարկէ, վերադառնալով մեր բնաբանին ու այստեղ գծելով ընդհանուր զուգահեռականներ՝ պիտի նկատենք դարձեալ, որ դէպքերու առանցքին ամենէն շատ օգտագործուող դրոյթները եւ իրական զէնքերը ժողովուրդներն են ու անոնց մէջ հայ ժողովուրդը, որ խորքին մէջ ամենահաւատարիմն է այն սկզբունքներուն ու տեսակէտներուն, որոնք վերջին աւելի քան տասն-տասնհինգ տարիներուն մեծ դգալներով հրամցուեցան իրեն։

Բաց աստի, անկարելի է այստեղ հաշուի չնստիլ կառավարման այն ամեհի սխալներուն հետ, որոնք գործուեցան Հայաստանի պահապան ներկայացող Ռուսաստանի կողմէ, ու խորքին մէջ այդ կառավարման մեթոտն էր, որ թշնամութեան մեծ ալիք մը հասունցուց հայ ժողովուրդի սրտին մէջ։ Ու հոն էր նաեւ, որ ամբողջ խաղը, անոր ալիքները, ծալքերն ու տրոփները մէկիկ-մէկիկ շարժեցան իրենց տեղերէն ու տապալեցաւ ամէն ինչ։

Պատասխանի ու պատախանատուի հարցերէն անդին եւ նոյն այս ճաշին մէջ այն ուժերը, որոնք մինչեւ հիմա բարձրացուցած էին ազգի ու ազգայինի դրօշները, դարձան «մարգինալ»։ Ու այդ մարգինալութեան եւ լուսանցքայնութեան լուսանցքին վրայ կուչ գալու ընթացքները դեռ ալ կը շարունակուին։ Պարզ անոր համար, որ հայ ժողովուրդի աչքերը կոյր չեն, հայ ժողովուրդը աւելին գիտէ՝ քան մենք ու գիտէ նաեւ, որ մեզմէ շատերը, որոնք սփիւռքի ինչ-ինչ լուսաւոր բեմերուն վրայ ասպար կապելով հայրենիքի ու հայրենասիրութեան երգը կ՚երգեն, անկեղծ չեն իրենց պայքարին մէջ։ Անկեղծ չեն, ոչ անոր համար որ ցեխերու մէջ ինկած են, այլ անոր համար, որ պատրաստ չեն ճիշդ վերլուծել իրականութիւնները, ճիշդը խօսիլ, անկեղծ ըլլալ հայ ժողովուրդին հետ ու ամենակարեւորը՝ մատնացոյց ընել այն վիճակները, որոնց հետեւանքով էր, որ նոյն այս ժողովուրդը առաջին հերթին հազարներով փողոց ելաւ՝ փրկելու համար իր արժանապատուութիւնը, իսկ երկրորդ՝ ազատութեան նոր շունչ մը տալու Պրեժնեւեան սառնամանիքի ալիքներուն տրուող Հայաստանին։

Անկախ արդիւնքներէն՝ մեր ժողովուրդը առաւ այդ քայլը, մեր ժողովուրդը անկեղծօրէն պայքարեցաւ, անկեղծօրէն յառաջ տարաւ իրեն տրուած դրօշը...

Խաբուեցաւ, այո՛, սակայն չուզեց ու դեռ ալ չ՚ուզեր ետ կանգնիլ այդ երազէն, նոյն այդ ժողովուրդն էր (մենք չէինք միայն), որ հինգ հազար մատաղ տուաւ այս հողին, թերեւս առանց հասկնալու, որ Արցախի ամբողջ պատեարզմը պարզապէս պատիժն էր երեւանեան բողոքի ալիքին ու... «Թաւշեայ ոչ-բռնի յեղափոխութեան»։

Եւ այս բոլորէն անդին այսօր այս նոր քննութեան պահուն, մեր ու այդ ժողովուրդին միջեւ առկայ վիհը, առկայ հեռաւորութիւնը տակաւին կը շարունակուի, մեզմէ շատ-շատեր կը շարունակեն կասկածով նայիլ Երեւանի մէջ յառաջ բերուած պայքարի նոր փուլին։

Էական չէ, անշուշտ, պայքարի այս փուլին գնահատական մը տալը, սակայն էական է հասկնալ, որ մենք ու մեզմէ շատեր, որոնք փրկութեան դրօշակի անունով կը խօսինք, տակաւին կը շարունակենք մնալ որպէս մարգինալ ու բան մը, որ կրնայ տակաւին շատ աւելի վատ հետեւանքներու տանիլ, եթէ տեղ մը, օր մը, միջոցի մը մենք առիթ չգտնենք վար իջնել մեր աթոռներէն, ու խօսիլ այս ժողովուրդին հետ, որուն ազնուութեան եւ դատողութեան վրայ կասկածներ ունենալու չենք։

Ի վերջոյ մենք չէինք ըսողը, որ մենք ինքներս այս ժողովուրդի սիրտէն ենք, այս ժողովուրդին գիրկին մէջ մեծցած ու անոր օրհնուած արգանդէն դուրս եկած։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...