image

Դոկտ. Սեդա Տատոյեան դասախօսեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի. Սուրբը եւ դիւանագէտը» նիւթով

Դոկտ. Սեդա Տատոյեան դասախօսեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի. Սուրբը եւ դիւանագէտը» նիւթով

Նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Էնսինոյի մէջ, օրերս, Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակին առիթով կազմակերպուած է դասախօսական ձեռնարկ՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի. Սուրբը եւ դիւանագէտը» խորագրով։ Դասախօսն էր՝ բեղուն մտաւորական  դոկտ. Սեդա Տատոյեան: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Ուրբաթ, 22 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակին առիթով կազմակերպուած դասախօսական ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Դասախօսն էր՝ բեղուն մտաւորական  դոկտ. Սեդա Տատոյեան: Ձեռնարկին ներկայ եղան հոգեւոր հայրեր եւ մշակութասէր կոկիկ հանրութիւն մը:

Երեկոն սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, որուն յաջորդեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի բացման խօսքը. ան ներկայացուց դասախօսութեան շարժառիթը,  դոկտ. Տատոյեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութեան դաշտերը ու անոր պատմական, քննական եւ գիտական աշխատութիւններու ու հրատարակութիւններու ցանկը, ապա ան հրաւիրեց դասախօսը, որպէսզի ներկայացնէ իր տեսակէտը՝ Շնորհալի սուրբին եւ Հայ եկեղեցւոյ ակնառու դիւանագէտին մասին:  

Դոկտ. Տատոյեան, համադրելով Շնորհալիի բազմամակարդակ անհատականութիւնը եւ ասպարէզը «սուրբի եւ դիւանագէտի» երեւութապէս հակասական տարազումին մէջ՝ յստակ դարձուց, որ իր նպատակը լայն եւ քննական հորիզոն մը ստեղծելն է՝ վերարժեւորելու համար ոչ միայն Շնորհալիի, այլեւ հայ եկեղեցական հաստատութեան պատմական իւրայատուկ դերը եւ ասպարէզը, չորրորդ դարէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը:

Ըստ դասախօսին՝ եկեղեցական պատմագրութեան մէջ, թէեւ անուղղակի կերպով յիշատակուած են որոշ դրուագներ եւ անձեր, սակայն եկեղեցւոյ իսկական դերին քննական պատմականացումը ցարդ դուրս մնացած է պատմաբաններու ուշադրութենէն, ինչպէս նաեւ անոնց տեսական հասողութենէն, ապա ան այս մասին տուաւ հետաքրքրական բացատրութիւններ՝ մատնանշելով պատմաքաղաքական իրողութիւններ:

Անդրադառնալով Հայ եկեղեցւոյ մասին ցարդ ստեղծուած գրականութեան՝ դասախօսը նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած գործերը թիւով շատ չեն եւ ընդարձակ տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր հայ քաղաքական, դիւանագիտական գործունէութիւններու եւ փորձառութիւններու մասին: «Սա կը նշանակէ, որ այս բնագաւառէն ներս կը դիմագրաւենք պատմական փիլիսոփայութեան եւ համապատասխան մեթոտներու անբաւարարութեան լուրջ հարց մը», աւելցուց ան:

Դիւանագէտ սուրբին՝ Շնորհալիի ընդմէջէն Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր-դիւանագիտական ասպարէզը առնելով իբրեւ օրինակ, յարացոյց ու նախատիպար, Տատոյեան իր խօսքի աւարտին առաջարկեց նոր մեթոտաբանութեամբ եւ նոր տեսանկիւններու լոյսին տակ դարձեալ գրել Հայ եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութիւնը՝ ընդգրկելով հայոց ուղղակի փորձառութիւնը, ապրուածը եւ իսկականը բոլոր ժամանակներու ու տեղերու մէջ, առանց կարծրացած կաղապարումներու եւ կիսաառասպելական պատումներու:

Շահեկան դասախօսութեան աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով, արժեւորեց դոկտ. Տատոյեանի գիտական պատրաստուածութիւնը եւ արտադրող մտաւորական ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ քննական մօտեցումը՝ հայոց պատմութեան բազմադարեան հոլովոյթին մէջ Հայ եկեղեցւոյ ճամբով հայրապետներու դերակատարութեան, եւ մասնաւորաբար՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի սուրբին ու դիւանագէտին, որուն դերը մեծ եղաւ 11րդ-12րդ դարերուն, մանաւանդ հայոց դիմագրաւած քաղաքական-դիւանագիտական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ եւ ըստ ժամանակներու պահանջներուն:

Առաջնորդը նաեւ ընդգծեց, որ Շնորհալիի օրինակին պէս, հայոց հայրապետներուն հիմնական մտահոգութիւնը եղած է ազգի երկճիւղ հատուածները, յատկապէս՝ արեւմտեանը, պաշտպանել թշնամիներէ եւ անոնց տիրութիւն ընել, մանաւանդ այն դարերուն, երբ Հայաստան երկփեղկուած էր եւ կորսնցուցած՝ իր քաղաքական անկախութիւնը եւ պետականութիւնը:

Յայտնենք, որ երեկոն ընդգրկեց նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն առաջին բաժինով հնչեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած «Լոյս», «Անեղանելիդ» եւ «Առաւօտ Լուսոյ» շարականները, մեկնաբանութեամբ՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի, դաշնամուրի նուագակցութեամբ՝ Մարիա Յովսէփեան Քէշիշեանի: Երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ յաջորդաբար ներկայացուց Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Նոր Ծաղիկ», Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր» եւ Նահապետ Ռուսինեանի «Կիլիկիա» նուագները: