ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինը հրապարակած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարին հրամանը, որուն մէջ ներկայացուած են նաեւ փակ տարածքներու մէջ դիմակ կրելու պայմանները։
Փակ տարածքներու մէջ դիմակ կրելը պարտադիր է բոլորին համար, բացառութեամբ՝
1) երեխաներու` 0-5 տարեկանը ներառեալ.
2) բնակութեան վայրին մէջ (տան, բնակարանին մէջ).
3) Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, վարչապետի, Ազգային ժողովի նախագահի, Սահմանադրական դատարանի նախագահի, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցող արարողակարգային միջոցառումներու ժամանակ ելոյթ եւ ուղերձ ունեցողներու եւ միջոցառման անմիջական մասնակիցներու (բացառութեամբ` լրագրողներու եւ սպասարկող անձնակազմի).
4) անձնական փոխադրմիջոցներով երթեւեկողներու (բացի ոչ-կանոնաւոր ուղեւորափոխադրում իրականացւոցած ժամանակ).
5) հեռուստահաղորդումներու հեռարձակման ժամանակ սուրտոթարգմանութիւն իրականացնողներու.
6) լսողութեան եւ խօսքի տարբեր աստիճանի խանգարումներ ունեցողներու (որոնք շրթունքներու շարժումներուն հետեւելով կ'ընկալեն խօսքը) եւ անոնց հետ աշխատողներու,
7) ծխելու, խմելու եւ սնուելու ժամանակ.
8 ) Առողջապահութեան նախարարին կողմէ հաստատուած առողջապահական կանոններով սահմանուած այլ դէպքերու.
9) հեռուստահաղորդավարներու` հեռուստահաղորդումներու եւ հեռուստածրագրերու հեռարձակման ժամանակ հեռուստատեսային տաղաւարին մէջ միայնակ գտնուած ժամանակ.
10) հոգեկան խանգարումներ եւ վարքի խանգարումներ ունեցող անձերու.
11) իմացական խանգարումներ ունեցող անձերու.
12) դէմքի վնասուածք ունեցող կամ դիմածնոտային միջամտութեան
ենթարկուած անձերու:
Մանրամասները՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարի N 23-Ն հրամանին մէջ։