image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Սուրիա՝ 29, իսկ Թուրքիա՝ 27. Յայտնի է Հայաստանէն մեկնած փրկարարներուն թիւը

Դէպի Սուրիա՝  29, իսկ Թուրքիա՝ 27. Յայտնի է Հայաստանէն մեկնած փրկարարներուն թիւը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարարական ջոկատներ ուղարկած է Սուրիա եւ Թուրքիա՝ աջակցելու երկրաշարժի հետեւանքով տուժած շրջաններու մէջ իրականացուող որոնողափրկարարական աշխատանքներուն:

Ներքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ Թուրքիա ուղարկուած է 27, իսկ Սիրիա` 29 փրկարար։

Նշենք, որ փրկարարական ջոկատները արդէն վայրէջք կատարած են. մեկնող փրկարարական ջոկատներու ծառայողները ճանապարհած են ՀՀ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանն ու փրկարար ծառայութեան տնօրէն-Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Կամօ Ցուցուլեանը: