Դանիան եւ Հոլանտան 2024 թուականի սկիզբը Ուքրանիոյ 14 Leopard 2 հրասայլ պիտի մատակարարեն, գործարքի ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէ 134 միլիոն եւրօ: Այս մասին գրած է Euronews-ը:
Մարտին Դանիան արդէն յայտարարած էր, որ պիտի միաւորուի Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հետ՝ նուիրաբերելու առնուազն 100 Leopard 1 հրասայլ, որոնք պէտք է պատրաստ ըլլան ուքրանական ուժերու համար մօտակայ շաբաթներու ընթացքին:
«Դանիան բացարձակապէս առաջատար է այն երկիրներու շարքին, որոնք ամենաշատ հրասայլեր մատակարարած են Ուքրանիոյ»,- հինգշաբթի առաւօտեան Քոփենհակենի մէջ լրագրողներուն ըսած է Դանիայի արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոքէ Ռասմուսենը։
Դեկտեմբերին Դանիան յայտարարեց Ուքրանիոյ համար 35,7 միլիոն եւրոյի «հրատապ օգնութեան փաթեթ»ի մասին՝ կեդրոնանալով հիմնական կարիքներու վրայ, ինչպիսիք են՝ կացարանով ապահովելը, մաքուր ջուրը, տաք հագուստը եւ ելեկտրականութիւնը: Ըստ սքանտինաւեան երկրի ԱԳՆ-ի՝ Դանիայի քաղաքացիական եւ մարդասիրական աջակցութիւնն Ուքրանիոյ պատերազմէն ի վեր կազմած է գրեթէ 200 միլիոն եւրօ: