image

Ցուցադրուեցաւ Սերժ Աւետիքեանի «Celui qu’on attendait» Ֆիլմը Կրանոպըլի մէջ

Ցուցադրուեցաւ Սերժ Աւետիքեանի «Celui qu’on attendait»  Ֆիլմը Կրանոպըլի մէջ

9  Յունիսին Կրընոպլի «Մելիյէս» շարժանկարի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ դերասան եւ բեմադիր Սերժ Աւետիքեանի «Celui qu’on attendait» նոր ժապաւէնը, վերջինիս ներկայութեամբ։ 90 վայրկեաննոց ֆիլմին գլխաւոր դերակատարներն են Փաթրիք Շէնէ եւ Արսինէ Խանճեան։ Ցուցադրութիւնը կազմակերպած էին «Մելիյէս»-ի տնօրէնը եւ Հայ մշակոյթի տունը, յանձին՝ նախագահուհի Սիրանոյշ Խաչատրեանի, ընկերակցութեամբ Աստղիկ Պալոյեանի։ Ժապաւէնի նիւթը յղացած են Ժան-Ֆրանսուա Տէրէք (դերասան) եւ Լօռան Ֆիրօտ, որմէ ներշնչուելով Աւետիքեան ալեկոծ կեանքի պատմութեան մը վերածած է զայն։ Ֆիլմը նկարահանուած է Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, ուր գիւղերու բնակչութիւնը դաժան կեանք կ՚ապրի։ Ֆիլմին հերոսը՝ դերասան Ժան-Փօլ Պոլզէք կը ճամբորդէ Ազէրպայճան՝ հոն հաստատուած ֆրանսական ընկերութեան մը ներկայացնելու իր թատերական ձեռնարկը։ Դէպի Պաքուի օդակայան վերադարձի ճամբուն վրայ իր վարձակառքը (taxi) կը խանգարուի եւ ան ինքզինք լքուած կը գտնէ ամայի ճամբու մը վրայ։ Առանց անդրադառնալու քալելով մուտք կը գործէ Հայաստանի սահմանը, որ տարիներէ ի վեր չյայտարարուած պատերազմի մէջ է իր դրացի Ազէրպայճանի հետ։ Սահմանամերձ Խաչիկ գիւղի հովիտի բնակիչները զինք լրտես կարծելով հարց ու փորձի կ՚ենթարկեն… Ի վերջոյ իբրեւ սպասուած «մեսիա» ընդունուելով՝ դերասանը սիրով կը հիւրընկալուի ժողովուրդին կողմէ։ (Աւանդութիւնը կ՚ըսէ թէ իւրաքանչիւր Հայ կը սպասէ որ Ցեղասպանութեան ատեն Երկրէն փախուստ տուած իր նախահայրերէն մէկը օր մը պիտի գայ ու պիտի փրկէ զինք)։ Զգալով որ թիւրիմացութիւն մըն է եղածը, Պոլզէք կը համակերպի եւ ընկերանալով երիտասարդ այրերուն կը զբաղի բարեսիրական գործերով։

Զուարճախոհութեամբ համեմուած այս խորիմաստ ֆիլմին ցուցադրութեան աւարտին Սերժ Աւետիքեան հաղորդակցեցաւ ներկաներուն հետ եւ լուսաբանեց զանոնք։

 

 Լուրի աղբիւր ՝ «Նոր Յառաջ»