Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին յայտարարած է, որ Չինաստանը դէմ է Իրանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած միակողմանի պատժամիջոցներուն։
«Չինաստանը կտրականապէս դէմ է Իրանի նկատմամբ անօրինական միակողմանի պատժամիջոցներուն, քաղաքական խարդախութիւններուն այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են մարդու իրաւունքները եւ կոպիտ միջամտութիւնը Իրանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու ներքին գործերուն», ըսած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Իրանցի գործընկեր Ամիր Ապտըլ Լահեանի հետ հանդիպումէն յետոյ։
Վան Ին վերահաստատած է Իրանի հետ համագործակցելու, միմեանց աջակցելու իրենց հիմնական շահերը պաշտպանելու եւ ուժային քաղաքականութեան դէմ համատեղ հանդէս գալու պատրաստակամութիւնը:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Վան Ին ըսած է, որ ստեղծուած իրավիճակին պատճառը ԱՄՆ-ի միակողմանի դուրս գալն է Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրէն եւ «անոնք պէտք է կրեն հիմնական պատասխանատուութիւնը եւ հնարաւորինս արագ շտկեն իրենց սխալները»։