image

«Չենք պատրաստուիր ներխուժելու Ուքրանիա». Ռուսաստանի ԱԳՆ

«Չենք պատրաստուիր ներխուժելու Ուքրանիա». Ռուսաստանի ԱԳՆ

ԱՄՆ-ն տարօրինակ կերպով կը շեշտէ Ուքրանիա իբր «ռուսական ներխուժման» թեման. այն գոյութիւն չունի եւ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, մինչդեռ Ուաշինկթընը ոչ բարոյական, ոչ ալ քաղաքական իրաւունք ունի բարձրացնելու այն հարցը, թէ ինչ կ'ընէ Ռուսաստանը իր տարածքին մէջ: Այդ մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռյապքովը։

«Ամերիկացիները անբացատրելիօրէն կը շեշտեն այն միտքը, որ կայ Ուքրանիա «ռուսական ներխուժման» վտանգ, նման բան չկայ եւ չի կրնար ըլլալ։ Իսկ այն, ինչ մենք կ'ընենք մեր տարածքին մէջ, ուղղակի անոնց չի վերաբերիր, անոնք ոչ բարոյական, ոչ ալ քաղաքական իրաւունք ունին այդ հարցը բարձրացնելու նման հարթութեան մէջ», ըսած է Ռյապքովը։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փուտին իր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընի հետ բանակցութիւններուն մէջ յստակ ըսած է անոր, որ ռուսական զօրքերը տեղակայուած են Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին եւ որեւէ մէկուն չեն սպառնար, աւելի վաղ յայտարարած էր ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։