Հայաստանի ոստիկանութիւնը ուրբաթ օր, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ դէմ դրած է ցուցարարներու քաղաքի որոշ փողոցները փակելու եւ երթեւեկութիւնը խանգարելու փորձերուն, որ կը կատարուէր ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին վարչապետ ընտրելու պատճառով:Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիաար»ը:
«Sputnik» գործակալութեան թղթակցի համաձայն, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի շարք մը վայրեր ականատես կ'ըլլան ցոյցերու. ցուցարարները կը փորձեն փակել քաղաքներու միջեւ ճանապարհները: Հայաստանի ոստիկանութիւնը լայնածաւալ ձերբակալութիւններ կ'իրականացնէ, մինչ օրս ձերբակալուածներու թիւը հասած է տասնեակներու:
Կը նշուի, որ Վարչապետի ընտրութեան դէմ բողոքի ցոյցերը սկսած էն 13 ապրիլին, երբ ընդդիմութիւնը մեղադրած է նախկին նախագահին երկրի չարաշահման եւ տնտեսական իրավիճակի վատթարացման մէջ `յայտարարելով Հայաստանի մէջ « թաւշեայ յեղափոխութեան» մեկնարկը:
Սակայն, երեքշաբթի, 17 ապրիլին, Հայաստանի խորհրդարանը համաձայնութեամբ վարչապետի պաշտօնին ընտրած է Սարգսեանը, այն ալ երկրի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հաստատումէն ետք, որ Հայաստանի կառավարութեան համակարգը կը դարձնէր խորհրդարանական համակարգի, ուր վարչապետն աւելի մեծ լիազօրութիւններ ունի: