Երէկ 10 հոկտեմբեր 2017-ին, Պէյրութի «Ֆոր սիզընս» պանդոկի մուտքին ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) անդամներ բողոքի խաղաղ ցոյց կատարած են:
Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Պէյրութի «Ազդակ»ը նշելով, որ հաւաքի ընթացքին ր բաժնուած են թռուցիկներ եւ արձակուած են թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ցոյցը ուղղուած էր ընդդէմ թրքական նորաձեւութեան ցուցադրութեան մը: Նորաձեւութեան ցուցադրութեան այս ձեռնարկին կը մասնակցէին 3 թուրք ձեւագէտներ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան եւ Թրքական մշակութային կեդրոնին կողմէ: