image

Բնական է սպառազինութիւն ցանկացող Հայաստանի դիմումին արձագանգելը. Մաքրոն

Բնական է սպառազինութիւն ցանկացող Հայաստանի դիմումին արձագանգելը. Մաքրոն

Գործընկերներուն ինքնապաշտպանութեան համար զէնք եւ զինամթերք մատակարարելը բնական է: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լոնտոնի մէջ եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանցի լրագրողի հարցը Հայաստանին սպառազինութիւն մատակարարելու մասին։

«Բնական է պատասխանել ինքնիշխան երկրի խնդրանքին, որ կ՚ուզէ զինուիլ՝ զգալով, որ կրնայ յարձակման ենթարկուիլ այլ պետութեան կողմէ։ Եւ ես երբեք վարչապետ Փաշինեանէն չեմ լսած, որ ան պատերազմի կամ յարձակման որեւէ ծրագիր ունենայ», -ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։

Ինչպէս նշած է Մաքրոն, վերջին տասնամեակի ընթացքին Ատրպէյճան շատ աւելի լաւ զինուած է, քան Հայաստանը:

«Եթէ նայինք, ապա վերջին տասնամեակին Ատրպէյճանը կարծես թէ շատ աւելի լաւ զինուած է, քան Հայաստանը։ Եւ եթէ յիշողութիւնս զիս չի դաւաճաներ (ուղղէք, եթէ կը սխալիմ), Ատրպէյճանն է, որ սարսափելի պատերազմ սկսած է 2020-ին», -յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը։

Ան ընդգծած է, որ եթէ Երեւանն ու Պաքուն աւարտեն խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը, Փարիզը պիտի աջակցի ատոր։

«Կը կարծեմ, որ ռազմական տեսանկիւնէ`որեւէ երկրի հետ համագործակցութիւնը միանգամայն բնական երեւոյթ է միջազգային փորձին մէջ։ Հայաստանի հեռանկարը խաղաղութիւնն է, Ֆրանսայի հեռանկարը՝ խաղաղութիւնը։ Իսկապէս յոյս ունիմ, որ Ատրպէյճանի հեռանկարը նոյնպէս խաղաղութիւնն է։ Եւ եթէ երկու երկիրներն աւարտեն աշխատանքը խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ, մենք կ՚աջակցինք ատոր», - եզրափակած է Մաքրոն։

Աւելի վաղ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարներու բանակցութիւններու արդիւնքով  կողմերը պայմանագիր ստորագրած են ֆրանսական CAESAR ինքնագնաց հրետանիներու մատակարարման վերաբերեալ: Լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ խօսքը 36 հրետանային կայանքներու մասին է։