image

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը ընդունած է պետական աւագանիի շնորհաւորական այցելութիւնը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը ընդունած է պետական աւագանիի շնորհաւորական այցելութիւնը

Յետ Ս. Յարութեան պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը, Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունած է շնորհաւորական այցելութիւնը պետական աւագանիին՝ Հալէպի Նահանգապետի, փոխ նահանգապետի,  ոստիկանապետի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատուներու։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ թեմի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած տեղեկատւութիւնը՝

Կիրակի, 20 Ապրիլ 2025-ին, յետ Ս. Յարութեան Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամները Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեցին շնորհաւորական այցելութիւնը պետական աւագանիին՝ Հալէպի Նահանգապետ երկրչփ. Ազզամ ալ-Ղարիպի, փոխ նահանգապետ Ֆաուազ Հիլալի, ոստիկանապետ Ահմատ Լաթթուֆի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատուներու։ 

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած այցելութիւններուն ընթացքին շնորհաւորական խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակուեցան, մաղթելով որ սէր եւ խաղաղութիւն տիրէ Սուրիական հայրենիքէն ներս։