image

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Տօքթ. Արա Ուղուրլեանին

  Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Տօքթ. Արա Ուղուրլեանին

Բարի ապաքինում կը մաղթենք Աւստրիոյ հայկական համայնքի յարգուած ներկայացուցիչներէն Տօքթ. Արա Ուղուրլեանին, որ վերջերս անցուցած է սրտի ծանր գործողութիւն մը եւ ներկայիս ալ կը շարունակէ գտնուիլ բժիշկներու խնամքին ներքոյ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՝ Աւստրիոյ մեր աղբիւրէն, որ նաեւ հաղորդեց, թէ հանրայայտ բժիշկը սրտի ծանր կաթուած անցնելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց եւ օր մնացած է մահաքունի մէջ։

Այդ փուլէն ետք ան դանդաղօրէն ուշքի եկած է, ենթարկուած է վիրաբուժական միջամտութեան եւ ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։ Նշենք, որ արմատներով Պոլսէն Տօքթ. Արա Ուղուրլեան երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Աւստրիոյ մէջ եւ մասնակից է տեղի համայնքային կեանքին ու նաեւ յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան տարբեր ոլորտներու մէջ իր ներդրումը ունենալու եռանդուն նպատակով։

 Շրջապատին կողմէ յարգուած եւ սիրուած բժիշկը կը գործէ Սալցպուրկ քաղաքի կեդրոնական հիւանդանոցէն ներս։

 Բարի ապաքինում կը մաղթենք սիրելի բժիշկին։