Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի տարբեր հատուածներուն վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտած է աւելի քան 60 անգամ, որու ընթացքին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 700 կրակոց: Այս մասին տեղեկացուցած են ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
ԼՂՀ ՊՆ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ի տարբերութիւն նախորդ օրերու` խախտումները հիմնական տեղի ունեցած են ինքնաձիգերէ եւ գնդացիրներէ, ինչպէս նաեւ` դիպուկահար հրացաններէ (73 կրակոց):