image

Այսօրուան Թուրքիան բոլորովին տարբեր է. Սուրէն Սարգսեան

Այսօրուան Թուրքիան բոլորովին տարբեր է. Սուրէն Սարգսեան

Ակնյայտ է, որ այսօրուայ Թուրքիան կը տարբերի 5-10 տարի առաջուայ Թուրքիայէն՝ իր ներգրաւուածութեամբ միջազգային եւ տարածաշրջանային հոլովոյթներուն մէջ, աւելի յարձակողական է, աւելի անպատիժ է այսօր Թուրքիան։ Այս մասին ըսաւ Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կենդոնի հիմնադիր Սուրէն Սարգսեան, «Կորսուած յաղթանակ. դաւաճանութի՞ւն, թէ՞ անգրագիտութիւն» խորագրով համաժողովի ժամանակ անդրադառնալով ԱՄՆ-ի գործողութիւններուն պատերազմէն առաջ։

«Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի համար միշտ եղել է առաջնահերթութիւն, քանի որ ԱՄՆ-ն հաշուարկում էր մեր տարածաշրջան իր ազդեցութիւնը կարող է ներս բերել Թուրքիայի դարպասներով, հիմա հասկանում են, որ անհնար է», ըսաւ ան եւ նշեց, որ կայ ընկալում, թէ Թուրքիան ամերիկացիներուն համար որպէս անառակ որդի է, որ հեռացած է, բայց պիտի վերադառնայ։

Սուրէն Սարգսեան ըսաւ, որ եթէ հայ-թրքական սահմանները բացուին, Ատրպէյճանի հետ հարցերը կարգաւորուին, ապա շատ բնական հարց պիտի յառաջանայ՝ ի՞նչ պիտի ընէ այստեղ ռուսական ռազմախարիսխը։

Ինչ կը վերաբերի պատերազմի օրերուն, ապա ան նշեց, որ ԱՄՆ-ն պատերազմի օրերուն բաւական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր՝ «Քովիտ»ով եւ ընտրութիւններով պայմանաւորուած։

«Այս ծանր պայմաններում ԱՄՆ-ն հաստատ չէր մտածելու Հայաստանի մասին», ըսաւ ան եւ նկատեց, որ ԱՄՆ-ն չէր խանգարեր Մոսկուային:

Միջազգայնագէտը նշեց, որ ընդհանրապէս պատերազմը ռազմական գործողութիւններ են, ռազմական բախում եւ դիւանագիտութիւն։

«Եթէ ուզում ես պատերազմում պարտուել, ապա պէտք է նախ բանակդ կազմաքանդես, այնուհետև՝ քո արտաքին գործերի նախարարութիւնը, եւ ապահովուած է քո պարտութիւնը։ Մեզ մօտ շատ տիպիկ իրավիճակ էր այդ առումով, եւ այդ փրոցեսը շարունակւում է», ըսաւ ան։