Իսրայէլացի պատմաբան Եուվալ Նոյ Հարարին թուարկած է այն նպատակները, որոնց յաջողած է հասնիլ պաղեստինեան դիմադրութիւնը «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղ»էն ետք, բացայայտելով նաեւ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը այսօր կը գտնուի «Նպատակներու սով»ի մը դիմաց, եւ անոր գլխաւոր դէմքը՝ Նաթանիահուան, լծուած է իր աթոռը փրկելու գործին։
Իսրայէլացի պատմաբան Եուվալ Նոյ Հարարին օրերս հաստատած է, որ Կազայի մէջ յաղթանակը բաժին պիտի իյնայ ոչ թէ անոր, որ աւելի շատ կը սպանէ, աւելի շատ գերի կը վերցնէ, աւելի շատ տուներ կ՚աւերէ, աւելի շատ հողեր կը գրաւէ, այլ անոր, որ աւելի շատ մօտ է հասնելու իր քաղաքական նպատակներուն։
Հարարի, որ այս թեմաներուն մասին յօդուած մը հրապարակած է իսրայէլեան «Yedioth Ahronoth» թերթի էջերուն, դիտել տուած է, որ «Համաս» շարժման քաղաքական նպատակները լիովին պարզ են, եւ անոնցմէ մի քանին արդէն իսկ ձեռք բերուած են։ Ան նշած է նաեւ, որ ժամանակը «Համաս»ի կողքին է աւելիին հասնելու համար, մինչդեռ Իսրայէլի նպատակները մշուշոտ են եւ կամ առհասարակ գոյութիւն չունին։
Հարիրի յիշեցուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ տիրող մթնոլորտը մինչեւ 2023 թուականի 7 հոկտեմբերը բոլորովին տարբեր էր, իսկ այդ գործողութիւնը տապալեց ամէն ինչ։
Ան մասնաւորապէս ակնարկած էր Իսրայէլի պետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնեցման մասին, նշելով, որ այդ ուղղութեամբ շատ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ կ՚ընթանային, սակայն «Համաս» իր գործողութեամբ տապալեց ամէն ինչ։
Իսրայէլացի հանրայայտ մտաւորականը հաւաստիացուցած է, որ «Համաս» հասած է աւելիին, քան կ՚ակնկալուէր, երբ ան յաջողեցաւ վերահաստատել թշնամութիւնը իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու, անոնց եւ արաբներու միջեւ, եւ ոչնչացուց երկու կողմերու միջեւ ապագայ բնականոնեցման որեւէ հնարաւորութիւն եւ ատելութիւն սերմանեց «Իսրայէլի նկատմամբ» եւ այդ ատելութիւնը հիմնաւորեց աշխարհի հարիւր միլիոնաւոր մարդոց միտքերուն մէջ:
Հարարին մասնաւորապէս կեդրոնացած է ամբողջ աշխարհի մէջ հակաիսրայէլեան տրամադրութիւններու աճին եւ անոր միջազգային դիրքի «աննախադէպ» մակարդակի մը անկման վրայ, մինչ «Համաս» ամէն օր լրացուցիչ քայլ կը կատարէ իր ճանապարհին`դէպի յաղթանակ:
Հարարին կը կարծէ, որ Տաճարի լերան վրայ իւրաքանչիւր առճակատում եւ «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ կռիւներու իւրաքանչիւր օրը հերթական «ռուլեթ» մըն է, հաշուի առնելով, որ աւելի մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Կազայի հրդեհը աւելիով բռնկի եւ տարածուի իր մէջ ներառնելով՝ Արեւմտեան ափը , «Հըզպալլա»ն, Իրանն ու այլ ուժեր։ Այս առումով ալ ան չէ բացառած, որ եթէ պատերազմը համընդհանուր դառնայ, Իսրայէլ աւելի ծանր հարուածներու ենթարկուի, որոնք նուազ ազդեցիկ պիտի չըլլան, քան ինչ եղաւ 2023 թուականի հոկտեմբերի սկիզբը։
«Համաս»-ի նպատակներէն անցնելով Իսրայէլի նպատակներուն՝ Հարարին ընդգծած է, որ այդ նպատակները իրական իմաստով գոյութիւն չունին՝ նշելով, որ անոնց անորոշութիւնը Իսրայէլը կրնայ մատնել պարտութեան, նոյնիսկ եթէ ան յաղթէ բոլոր մարտերուն եւ յաջողի զինաթափել «Համաս»-ը, հաւաստելով, որ այդ ձեռքբերումները պիտի համարուին ռազմական ձեռքբերումներ եւ ոչ թէ քաղաքական նպատակներու իրականացում։
Հարարին կը կարծէր, որ Իսրայել նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ուր կ՚երթայ, եւ այս պարագային իր համար շատ դժուար է ընտրել այն ճանապարհը, որով պէտք երթայ, եւ արդեօք այդ ճանապարհը պէտք է՞ անցնի Ռաֆահի վրայ յարձակումով, թէ՝ հաւանական զինադադարի մը կնքումով։
Մինչ գրողը ամփոփած էր Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավար Բենիամին Նաթանիահուի քաղաքական տեսլականը մէկ նպատակով, որն է՝ «փրկել սեփական գահը», ան քննադատած է կառավարութեան մնացած անդամները, որոնք դարձած են աստուածաշնչեան չքնաղ տեսիլներու գերին, կոչ ընելով ձեւաւորելու այլընտրանքային կառավարութիւն՝ իրատեսական քաղաքական տեսլականով, քանի որ «յստակ քաղաքականութիւն չունեցող կառավարութեան մը թոյլ տալը, որ պատերազմ վարէ, պարտութեան երաշխաւորուած բաղադրատոմս է»։
Հարարին ծաղրած է «վերադարձուցէք գերիները» կարգախօսը՝ որպէս պատերազմի յայտարարուած նպատակ՝ համարելով, որ այդ այլեւս ոչ մէկուն կը համոզէ, եւ այդ առումով ալ նոյնիսկ գերիներու ընտանիքները յայտնուած են անորոշութեան մէջ։
Ան իր յօդուածը եզրափակած է ըսելով. «Նոյնիսկ եթէ Իսրայէլը յաջողի զինաթափել «Համաս»ը ռազմական մակարդակով, բայց չունենայ քաղաքական հորիզոն, ապա «Համաս»ը յաղթական դուրս պիտի գայ այս խաղէն։»