Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա երկրի Ծերակոյտին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ Ֆրանսա նախաձեռնած է նոր քննարկման՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ եւ «անկէ կը խնդրէ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնել բանաձեւի մը համար, որ թոյլ պիտի տայ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան հնարաւոր վերադարձի պայմաններ ստեղծել»։
Անիկա, ըստ Քոլոնայի, պէտք է տեղի ունենայ «երաշխիքներով`անոնց պատմական եւ մշակութային իրաւունքի ամուր երաշխիքներով եւ միջազգային մնայուն ներկայութեամբ, որուն ուղղութեամբ կը տարուին մեր ջանքերը»:
Քոլոնա ընդգծեց, որ, ինչպէս ալ փորձեն ներկայացնել իրավիճակը, «այո՛, Ատրպէյճան ծրագրեց եւ կազմակերպեց Լեռնային Ղարաբաղի առաւել քան 100 հազար հայ բնակչութեան ելքը»:
«Խօսքը շատ լուրջ արարքի մը մասին է, յանցագործութեան, եւ քանի մը յանցագործութիւններու, որոնք չեն կրնար անարձագանգ մնալ», ընդգծեց Քոլոնա՝ աւելցնելով. «Մենք համոզմուած ենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերը կարելի պէտք է ըլլան լուծել միայն բանակցային գործընթացի եւ արդարացի ու տեւական խաղաղութեան միջոցով: Այդ է պատճառը, որ Ֆրանսա կը սատարէ Եւրոպական Միութեան միջնորդական ջանքերուն՝ պահանջելով, որ որեւէ զիջում չկատարուի միջազգային իրաւունքի, Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցերուն մէջ: Եւ զուգահեռաբար, այո՛, մենք պէտք է շարունակենք աջակցիլ Հայաստանին, ինչպէս կ՛ընենք, եւ ետ պահենք Ատրպէյճանը ուժի ճամբայէն: Չկայ այլընտրանք խաղաղութեան երաշխաւորման` ի շահ Հարաւային Կովկասի բոլոր բնակիչներուն»։