image

Ատրպէյճանը Հայաստանի վրայ յարձակելու ծրագիր չունի. այդ Մաքրոնի «զրպարտութիւնն է». Ալիեւ

Ատրպէյճանը Հայաստանի վրայ յարձակելու ծրագիր չունի. այդ Մաքրոնի «զրպարտութիւնն է». Ալիեւ

Ատրպէյճանը Հայաստանի վրայ յարձակելու ծրագիր չունի. այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Գերմանիոյ տնտեսութեան արեւելեան կոմիտէի նախագահ Մայքըլ Հարմսի հետ հանդիպման ժամանակ գրած են տեղի լրատուամիջոցները:

«Ատրպէյճանը Հայաստանի վրայ յարձակելու ծրագիր չունի. այդ Մաքրոնի զրպարտութիւնն է», -ըսած է ան։

Նշենք, որ Մաքրոն իր վերջին ելոյթներէն մէկուն մէջ ըսած էր.«Վերջերս Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցած միջադէպերը կը վկայեն, որ մագլցումի վտանգը իրական կը մնայ։ Ֆրանսան կը ցաւի, որ փետրուար 12-ի կրակոցի հետեւանքով վիրաւորուած է ատրպէյճանցի, որ ընդունած է նաեւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը՝ լիակատար թափանցիկութեամբ։ Ֆրանսան ափսոսանք կը յայտնէ Ատրպէյճանի անհամաչափ պատասխան հարուածի համար, որու հետեւանքով հայկական կողմը ունեցաւ 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր»: