image

Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկայի դեսպանութեան թեկնածուն արտայայտուած է Ղարաբաղի եւ Խաղաղութեան պայմանագրի մասին

Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկայի  դեսպանութեան  թեկնածուն  արտայայտուած է Ղարաբաղի եւ Խաղաղութեան պայմանագրի մասին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը լսումներ կայացուցած է՝ քննարկելու Մարք Լիպպիի թեկնածութիւնը Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնին։

1lurer.am-ի հաղորդմամբ, Լիպպին խոստացած է նոր պաշտօնին նշանակուելու պարագային աջակցիլ Ուաշինկթընի ջանքերուն՝ նպաստելու Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման:

«Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է շարունակէ դատապարտել բռնութիւնը կամ բռնութեան սպառնալիքները։ Միացեալ Նահանգներու եւ մեր եւրոպացի գործընկերներու օգնութեամբ կողմերն աւելի քան երբեւէ մօտ են համաձայնութեան երթալուն, եւ եթէ ինծի հաստատեն, ապա ես պարտաւոր եմ օգնել անոնց այդ հարցով Պաքուի մէջ աշխուժ եւ յամառ աշխատանքի շնորհիւ»,- նշած է Լիպպին։

Լսումներու ժամանակ անդրադարձ եղած է Հայաստան-Ատրպէյճան հնարաւոր խաղաղութեան պայմանագրին եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին:

«Կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեն ինչպէս տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, այնպէս ալ տարածաշրջանի, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրումը»,- նշած է Լիպպին, աւելցնելով, որ «Խաղաղութեան համաձայնագրի կեանքի կոչումը աւելի կը խորացնէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի կապը, որ կը կայունացնէ տարածաշրջանը եւ ետ կը մղէ մրցակիցները, որոնք կը ձգտին ընդլայնել ռազմավարական ազդեցութիւնը եւ օգուտ քաղել հակամարտութենէն:

Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի թեկնածուն նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցերուն եւ լսած անոնց նկատառումները: Յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես, մասնաւորապէս, կոչ ըրած է Լիպպիին վճռական դիրքորոշում յայտնելու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ալիեւի յանցագործութիւններու հետ կապուած:

Մենենտեսի հարցին, թէ արդեօք Լիպպին այսօր հրապարակաւ կը դատապարտէ արգելափակումը եւ կը յորդորէ Ալիեւին ապաարգելափակել Լաչինի միջանցքը, Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի թեկնածուն պատասխանած է. «Այս հարցով Ուաշինկթընի դիրքորոշումը բաղկացած է երեք տարրէ: Նախ՝ Միացեալ Նահանգները կը քննադատէ որեւէ միակողմանի գործողութիւն, որ կը սպառնայ մարդոց անվտանգութեան, կը խաթարէ վստահութեան մթնոլորտը եւ կը մեծցնէ վտանգները։ Կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ հարկաւոր է վերահսկել իրավիճակը եւ շարունակել կոչերն ու ճնշումները՝ վերականգնելու քաղաքացիական եւ առեւտրային հաղորդակցութիւնը։ Միջնաժամկէտ հեռանկարի մէջ մենք կը դիտարկենք աջակցութեան հարցը։ Այդ տարածք մուտքի հնարաւորութիւն չունինք, բայց Միացեալ Նահանգներու  կառավարութիւնը 21 միլիոն տոլար յատկացուցած է մարդասիրական օգնութեան համար։ Այնուամենայնիւ, երկարաժամկէտ լուծումը խաղաղութեան համաձայնագիրն է, որ կ'ապահովէ տարածաշրջանին մէջ բոլորի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:

Մենենտեսն արձագանգած է Լիպպիի խօսքերուն. «Մինչ մենք ուղղակի կը հետեւինք, մարդիկ կը զոհուին»: