image

Ատրպէյճանցիները բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի ֆիլմին դէմ արշաւ սկսած են

Ատրպէյճանցիները բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի ֆիլմին դէմ արշաւ սկսած են

Ատրպէյճանական որոշ կայքեր արշաւ սկսած են Ճիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ֆիլմին դէմ:

«Այս ֆիլմի գլխաւոր մեխերէն մէկը այն է, որ այն նկարահանած են Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն՝ Ղարաբաղի մէջ»- ըսուած է ատրպէյճանական կայքին մէջ զետեղուած նիւթին մէջ:

Նշենք, որ ֆիլմի համարտադրողներն են լիթվացի Քեսթութիս Տրազտաուսքասը, գերմանացի Մարքօ Կիլլէսը եւ ֆրանսացի Անժելիքա Շուլէրը։

Ատրպէյճանցիները կը կարծեն, որ «Դրախտի դարպասը» ֆիլմի օտարերկրացի արտադրողները այնքան ալ լաւ ծանօթ չեն Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած խնդրին եւ իբրեւ հայերը վերջիններուս սխալ պատմութիւն ներկայացուցած են, այդ իսկ պատճառով ալ որոշած են արտադրողներէն բաց նամակ յղել «պատմութեան իրական նկարագրութիւններով»:

Յիշեցնենք, որ Ճիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ֆիլմի նկարահանումները իրականացած են Արցախի մէջ: Ֆիլմի դէպքերը կը ծաւալին 2016 թուականին՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին:

 

Լուրը՝ shantnews.am-էն