ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն ուղերձ յղած է Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրադրութեան կապակցութեամբ:
ԱՄՆ-ի առաջնորդը առաջին հերթին յայտարարած է, որ ԱՄՆ պատրաստ է ինչպէս Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ռուսաստանի հետ դիւանագիտական փոխգործակցութեան, այնպէս ալ Ուքրանիոյ դէմ հնարաւոր յարձակման վճռական պատասխանի:
Մասնաւորապէս, Սպիտակ տան ղեկավարը Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը յայտնած է արձանագրել Մոսկուայի հետ անվտանգութեան վերաբերեալ գրաւոր պայմանաւորուածութիւնները անոնց հասնելու պարագային: Ան նաեւ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն չէ տեղակայած եւ պիտի չտեղակայէ իր հրթիռները Ուրանիոյ մէջ, ուստի Ռուսաստանին ո՛չ ԱՄՆ-ն, ո՛չ ՆԱԹՕ-ն սպառնալիք կը ներկայացնէ:
Պայտըն ողջունած է ուքրանական սահմանէն զօրքերու դուրսբերման մասին Ռուսաստանի յայտարարութիւնները, սակայն նշած է, որ այժմ այդ տեղեկատուութեան հաստատում չկայ: Անոր խօսքով` այսօրուայ դրութեամբ Ուքրանիոյ սահմանի երկայնքով կը գտնուին շուրջ 150 հազար ռուս զինուոր:
Ընդ որում, ԱՄՆ-ի ղեկավարը նախազգուշացուցած է Ռուսաստանը, որ եթէ վերջինս որոշէ յարձակիլ Ուքրանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներուն վրայ, անոր դէմ անմիջապէս հզօր պատժամիջոցներ պիտի սահմանեն արտահանման վերահսկողութեան եւ ֆինանսներու ոլորտին մէջ, իսկ «Հիւսիսային հոսք-2» կազամուղը պիտի դադրեցուի:
«Արեւմուտքը միասնական է», ըսած է Պայտըն:
Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ ներխուժման պարագային ԱՄՆ-ն Ուքրանիա պիտի չուղարկէ իր զինուորականները, սակայն եթէ ԱՄՆ-ի քաղաքացիները Ուքրանիոյ մէջ տուժեն, Ուաշինկթընը կոշտ պատասխան պիտի տայ:
«Ռուսաստանն ու ԱՄՆ-ն դեռ ընտրութիւն ունին: Ընտրել դիւանագիտական ուղին, այլ ոչ թէ պատերազմի ուղին», ամփոփած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: